ՆԻՔՈԼԱՅ ՊՈՐՏԻՈՒԺԱՅԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Բա­ցի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ 

Սարգ­սեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լէ, Պոր­տիու­ժա մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հետ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան շարք մը խնդիր­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին այս կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ հայ­կա­կան մօ­տա­լուտ նա­խա­գա­հու­թեան։ Ար­դա­րեւ, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Հա­յաս­տան պի­տի ստանձ­նէ ՀԱՊԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015