ՊԵԼԺԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Պել­ժիոյ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վը ե­րէ­կուան իր լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նեց հայ­կա­կան այն բա­նա­ձե­ւը, որ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած էր Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ եւ օր մը ա­ռաջ ալ ա­նոր մա­սին քննար­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած էին լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին։ 124 կողմ, զե­րօ դէմ եւ 8 ձեռն­պահ ձայ­նով ըն­դու­նուե­ցաւ այս բա­նա­ձե­ւը։ Այս­պէ­սով Պել­ժիոյ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վը երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Ծե­րա­կոյ­տին զու­գա­հեռ ո­րո­շում մը ըն­դու­նած ե­ղաւ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։

Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման ի­րա­դար­ձու­թեան ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան լայ­նօ­րէն։ Նոյն­պէս թրքա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ տեղ տուած են այս ի­րա­դար­ձու­թեան, խո­րա­նա­լով կարգ մը ե­րանգ­նե­րու մէջ։ Կարգ մը թեր­թեր կը գրեն, որ այս բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­մամբ Պել­ժիա պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Քուէար­կու­թեան դրուած բա­նա­ձե­ւը ա­ւե­լի խստաց­նե­լու ուղ­ղեալ ա­ռա­ջարկ­նե­րը չեն ըն­դու­նուած։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­դուն­ման զու­գա­հեռ՝ շեշ­տուած է, որ 1915-ին ապրուած­նե­րը պէտք չէ ա­ռըն­չուին այ­սօ­րուան Թուր­քիոյ եւ Պել­ժիոյ մէջ բնա­կող թուր­քե­րուն հետ։ Թրքա­կան մա­մու­լէ այլ աղ­բիւր­ներ կ՚ընդգ­ծեն, որ սկիզ­բին ըն­դու­նուած բա­նա­ձե­ւը կը կրէր «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին» ա­նու­նը, իսկ ա­ւե­լի վերջ կա­տա­րուե­ցաւ ա­նուա­նա­փո­խու­թիւն մը եւ ո­րո­շու­մը կո­չուե­ցաւ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման մա­սին»։ Ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը փա­փա­քած են բա­նա­ձե­ւի բո­վան­դա­կու­թեան նե­րառ­նել ուղ­ղա­կի ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ Այս մօ­տե­ցու­մը չէ ըն­դու­նուած հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Փո­խա­րէ­նը՝ յղում կա­տա­րուած է Պել­ժիոյ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէ­լի կող­մէ Յու­նիս 18-ին կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան, ո­րով ան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ իր ա­նու­նով ճանչ­ցած էր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ բա­նա­ձե­ւին մէջ ժա­մա­նա­կա­կից Թուր­քիան պատ­մա­կան ու բա­րո­յա­գի­տա­կա­նօ­րէն պա­տաս­խա­նա­տու չէ հա­մա­րուած՝ այս նրբու­թիւ­նը թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ այն­պէս կը մեկ­նա­բա­նուի, թէ Վար­չա­պետ Մի­շէլ չէ փա­փա­քած Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խզել վերջ­նա­կա­նօ­րէն։

ԱՆ­ԳԱ­ՐԱ­ՅԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս ա­ռա­ւօտ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ առ­նուած այս ո­րոշ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուե­ցաւ, թէ Թուր­քիա Պել­ժիոյ կող­մէ հեր­թա­կան ան­գամ ա­նար­դա­րօ­րէն մե­ղադ­րուած է, պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ա­ղա­ւա­ղուած են, իսկ ի­րա­ւուն­քը հա­մա­րուած է չե­ղեալ։

Նա­խա­րա­րու­թեան բա­նա­ձե­ւու­մով, Պել­ժիոյ մէջ տա­րես­կիզ­բէն ի վեր ար­շաւ մը յա­ռաջ կը տա­րուի թրքա­կան ինք­նու­թիւնն ու պատ­մու­թիւ­նը մրո­տե­լու հա­մար, իսկ ե­րէ­կուան ո­րո­շու­մը կը հա­մա­րուի այս շղթա­յին վեր­ջին օ­ղա­կը։ Այս ծի­րին մէջ յի­շե­ցուած է Պել­ժիոյ վար­չա­պե­տի Յու­նիս 18-ի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, տար­բեր կար­ծիք­ներ ար­տա­յայ­տած քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն են­թար­կուած հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծադ­րու­թիւն­նե­րը, ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թեան, հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ան­յա­րիր ըն­թաց­քը։ Այս բո­լո­րէն վերջ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վին կող­մէ ե­րէկ ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մով ստեղ­ծուած է մտա­հո­գիչ պատ­կեր մը, ինչ որ Պել­ժիոյ թրքա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կող­մէ ըն­կա­լուած է ցա­ւով եւ հա­սած է երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ խոր ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լու հանգ­րուա­նին։

«Նե­րա­ռեալ տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մը, Եւ­րո­պա դէմ յան­դի­ման կը գտնուի լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու եւ այս­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վը իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու փո­խա­րէն ժա­մա­նա­կը ներդ­րած է խնդրի մը վրայ, որ օ­տար է Թուր­քիա-Պել­ժիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնոյ­թին եւ ո­րու վրայ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի պատ­մա­կան, ի­րա­ւա­կան, ա­կա­դե­մա­կան կամ քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով», նշուած է նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ու շեշ-տըւած է, թէ ան­հասկ­նա­լի է այս­պի­սի հար­ցի մը շուրջ Պել­ժիոյ դրօ­շա­կիր դառ­նա­լը։

Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուած է նաեւ, թէ այս եւ նման ո­րո­շում­նե­րը ո­րե­ւէ ձե­ւով չեն նպաս­տեր թուրք-հայ հա­մա­ձայ­նու­թեան։ «Սաստ­կու­թեամբ կը պա­խա­րա­կենք այս ո­րո­շու­մը, որ ա­նար­դա­րօ­րէն կ՚ամ­բաս­տա­նէ մեր պատ­մու­թիւ­նը ու չե­ղեալ կը հա­մա­րէ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը եւ թուրք ազ­գին յի­շո­ղու­թիւ­նը», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ե­րէկ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Ան նշեց, թէ Հա­յաս­տան կ՚ող­ջու­նէ Պել­ժիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­ներկ­բայ ճա­նա­չու­մը։ Նալ­պան­տեան յի­շե­ցու­ցած է, որ տա­կա­ւին տաս­նեօթ տա­րի ա­ռաջ Պել­ճիոյ ծե­րա­կոյ­տը յա­տուկ բա­նա­ձե­ւով մը ճանչ­ցած էր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Պել­ժիոյ վար­չա­պե­տը ան­ցեալ Յու­լի­սի 18-ին վե­րա­հաս­տա­տած էր կա­ռա­վա­րու­թեան այդ միան­շա­նակ դիր­քո­րո­շու­մը։ Իսկ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տին կող­մէ ըն­դու­ն-ւած բա­նա­ձե­ւը կու գայ ամ­բող­ջաց­նել Պել­ժիոյ կող­մէ ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015