ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ… ԴԱՐՁԵԱԼ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիօ (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ աւարտեցին իրենց հերթական այցելութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Ծանօթ է, որ միջնորդները վերջին օրերուն շփումներ ունեցան Երեւանի եւ Պաքուի մէջ՝ մէկտեղուելով Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Միջնորդները Երեւանի իրենց հանդիպումներէն վերջ անցան Վիեննա, ուրկէ ուղեւորուեցան Պաքու ու վերադարձան դարձեալ Վիեննա, ուր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամներուն տեղեկատուութիւն փոխանցել կը նախատեսեն։
Այս վերջին տարածքաշրջանային այցելութեան կապակցութեամբ համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք շեշտեցին, որ Երեւանի եւ Պաքուի իրենց վերջին շփումներուն ընթացքին ընդգծած են բարձր մակարդակի վերջին հանդիպումները եւ նախագահներէն իւրաքանչիւրին հետ քննարկած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ընթացիկ առաջարկները։ «Մենք ողջունած ենք նախագահներու՝ աւելի ուշ՝ այս տարուան ընթացքին հանդիպելու յանձնառութիւնը եւ անոնք իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարած են՝ շարունակել աշխատանքը համանախագահներուն հետ նախագահական գագաթաժողովի օրակարգին շուրջ։ Մենք նաեւ ողջունած ենք շփման գծի եւ հայ-ազէրի սահմանի վերջին շրջանի յարաբերական կայունութիւնը, ինչ որ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին համընկնեցաւ երկու երկիրներու մէջ տեղի ունեցած խոշոր միջազգային իրադարձութիւններու հետ։ Այնուամենայանիւ, մենք մտահոգուած ենք վերջին շրջանին լարուածութեան աճով ու կոչ ըրած ենք նախագահներուն՝ զերծ մնալ բռնութեան մահացու սրացումէն ու բոլոր միջոցներուն ձեռնարկել՝ հրադադարի դրութիւնը խստօրէն պահպանելու համար։ Նախագահները կրկնած են անյայտ կորսուածներու տուեալներու փոխանակման շուրջ իրենց յանձնառութիւնը՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հովանաւորութեան ներքեւ», մատնանշուած է յայտարարութեան մէջ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ համանախագահներուն հետ զրուցելու ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած են իրարու հետ հանդիպելու մասին։ Միջնորդներն ալ այս հիման վրայ կ՚ողջունեն նախագահներու՝ այս տարի աւելի ուշ հանդիպելու պատրաստակամութիւնը։ Եռանախագահները Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկած են բանակցութիւնները յառաջ մղելու ուղղեալ ներկայ առաջարկները։
Եռանախագահներէն Ճէյմս Ուորլիք եւ Իկոր Փոփով Պաքուի մէջ երէկ յայտարարութիւններ ըրին Ատրպէյճանի կարգ մը լրատուամիջոցներուն։ Ամերիկացի համանախագահը փափաք յայտնեց, որ շփման գծին վրայ վերջին ամիսներուն ապրուած անդորրը երկարի։ «Մենք կը կարծենք, որ ճակատի վրայ անդորրը երաշխիք պիտի ստեղծէ ապագային վստահութեան հաստատման եւ կողմերու՝ իրարու նկատմամբ յարգալից վերաբերմունքին համար», ըսած է Ուորլիք եւ աւելցուցած՝ որ համանախագահները Վիեննայի քննարկումներուն ընթացքին կանգ առած են մինչեւ տարեվերջ նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու հնարաւորութեան վրայ։
«Մենք կ՚ուզենք որոշել նախագահներու միջեւ հանդիպման շրջանակները այն բանին համար, որպէսզի, երբ պետութիւններու ղեկավարները նստին սեղանի մը շուրջ, բանակցին ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու շուրջ։ Մենք զրոյցներ ունեցած ենք երկու երկիրներու նախագահներուն հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին երկու կողմերը ընդգծած են հրադադարի դրութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, նշած են շփման գծին վրայ բռնութեան որեւէ փաստի բացակայութեան կարեւորութիւնը», ըսաւ ամերիկացի դիւանագէտը։
Ճէյմս Ուորլիք Պաքուի մէջ ըսաւ, որ շատ կը փափաքին, որպէսզի նախագահները հանդիպին իրենց տեսակէտէ յարմար ժամանակով մը եւ յառաջընթացի հասնին հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ։
Իր կարգին, Իկոր Փոփովն ալ յոյս յայտնեց հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի աշխուժացման համար։ Ռուս համանախագահին խօսքերով, հակամարտութեան կարգաւորման հարցով հետագայ քննարկումներն ու հանդիպումները արդէն տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբերին։
Այս մթնոլորտին մէջ, Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ տեղեկացուց, թէ Արցախի ժողովուրդը ունի հակամարտութեան կարգաւորման միասնական տեսլական։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան համոզուած է, որ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը հնարաւոր է միայն հաշուի առնելով 1991 թուականի անկախութեան հանրաքուէն եւ 2006 թուականի սահմանադրութեան հանրաքուէին ժամանակ Արցախի ժողովուրդի արտայայտած ազատ եւ օրինական կամքի արտայայտութեան արդիւնքները։ Միրզոյեան շեշտած է, թէ իր նախարարութիւնը պիտի շարունակէ բոլոր ջանքերը գործադրել՝ բացառելու համար Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր քաղաքացիներու անվտանգութեան դէմ սպառնալիքները եւ հասնելու համար ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման՝ միայն խաղաղ ճանապարհով։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի Կեդրոնական եւ Հարաւային Ասիոյ հարցերով օգնական Ռիչըրտ Հակլընտ Պաքուի մէջ ունեցած շփումներուն ժամանակ երէկ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կը պահպանէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին նկատմամբ հաւատքը։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ընդգծեց, թէ հակամարտ կողմերը պէտք է այդ հարցը լուծեն փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։
ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ
Ինչպէս ծանօթ է, դէպի ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան այս վերջին ուղեւորութեան ընդառաջ միջնորդները շարք մը խորհրդակցութիւններ կատարեցին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մէջ՝ գործընթացի ապագայ հաւանական քայլերուն շուրջ։ Խօսելով ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներու հետ տեղի ունեցած այդ դռնփակ հանդիպումներուն մասին՝ Ճէյմս Ուորլիք քանի մը օր առաջ այդ մասին տուած էր բացատրութիւններ, ակնարկելով նաեւ խաղաղապահներու տեղակայման հարցին։ Ան այս նիւթը մատուցած էր համապարփակ կարգաւորման շրջանակներէն ներս։ Ճէյմս Ուորլիք Պաքուի երէկուան իր յայտարարութիւններուն ընթացքին եւս խօսեցաւ այս նոյն նիւթին շուրջ։ «Կը կարծեմ, որ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումն ու միեւնոյն ժամանակ միջազգային անվտանգութեան ապահովման հարցերը պէտք է ըլլան որեւէ հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական գործօնը», ըսաւ Ուորլիք, որու համոզմամբ այդ հարցը պէտք չէ աչքաթող ընեն այս հակամարտութեան երկու կողմերը։ Ան աւելցուց, որ սոյն հարցերը կը քննարկուին տարիներէ ի վեր։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, մինչեւ մօտաւոր անցեալը Լեռնային Ղարաբաղ կը բացառէր խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը։ Ստեփանակերտի պաշտօնական դիրքորոշումը այսօր կարծես, թէ ենթարկուած է փոփոխութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան վերջերս պարզաբանեց, թէ ո՛ր պարագային համաձայն պիտի ըլլան Ատրպէյճանի հետ սահմանի վերահսկողութիւնը յանձնել օտարերկրեայ զինուորներուն։ Ան այս կապակցութեամբ ըսած էր հետեւեալը.
«Ընդհանրապէս որպէս գաղափար դէմ չենք խաղաղապահներու տեղակայման։ Իրավիճակը հասուն պիտի ըլլայ, որպէսզի այդ քայլը կատարուի։ Պէտք է կարգաւորուին բոլոր հարցերը։ Խաղաղապահները կը համարուին վերջին փուլը, հակամարտութեան կարգաւորման վերջին խորհրդանշական դրսեւորումը։ Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը ունի երկու կարեւորագոյն հարց՝ Արցախի կարգավիճակն ու սահմանները։ Մնացեալները ածանցուած են այս երկու հարցերուն։ Երբ այդ հարցերը կարգաւորուին, Արցախն ու Ատրպէյճանը զիրար ճանչնան որպէս ինքնիշխան, անկախ պետութիւն, սահմանները յստակեցուին, բոլոր հարցերը որոշուին՝ մարդասիրական, ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւայլն, այդ բոլորէն վերջ կարելի է խօսիլ եւ քննարկել խաղաղապահներու տեղակայման խնդիրը, այդ ալ՝ սահմաններու երկայնքով»։
Թէեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հետեւող մասնագէտներն ու նոյնինքն միջնորդները կ՚արձանագրեն, որ վերջին շրջանին որոշ աշխուժութիւն մը կը նկատուի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ, յոյս կը յայտնեն հաւանական յառաջընթացի մը հասնելու ուղղութեամբ, սակայն Արցախի մէջ այդ բոլորին կ՚արձագանգեն զգուշաւոր լաւատեսութեամբ։ Ըստ Դաւիթ Պապայեանի, որպէս գործընթացներուն քիչ թէ շատ ծանօթ մարդ՝ յոյս չունի, թէ այս հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ մօտաւոր ապագային։ «Որովհետեւ Ատրպէյճան նման հիմքեր չի թողուր, կը շարունակէ իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, հրադադարի խախտումները։ Անհնար է ակնկալել շուտափոյթ կարգաւորում», ըսաւ Պապայեան։