ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։ Անթիլիասի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումնրով, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի կացութեան, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին հետ առընչուած մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։
Եունան Պատրիարք լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սուրիոյ մէջ վերջերս ծայրայեղականներու կողմէ իրենց եկեղեցւոյ պատկանող վանքի դէմ կատարուած յարձակումին եւ եղած քանդումներուն մասին։
Արամ Ա. Կաթողիկոս դատապարտեց ծայրայեղ տարրերուն կողմէ եղած բոլոր տեսակի վայրագութիւնները ու շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու եւ այս գծով հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց իսլամ կրօնական թէ քաղաքական պատասխանատուներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը։
Հանդիպման աւարտին Եունան Պատրիարք 2015-ի մթնոլորտին մէջ իր յարգանքն ու զօրակցութիւնը արտայայտեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ապա, ան շրջեցաւ Ս. Աստուածածին վանքէն ներս ու մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ կատարուած շինարարութիւններուն ու բարեզարդումներուն։