ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ճա­բո­նի դես­պան Էյ­ճի Թա­կու­չի յայ­տա­րա­րեց, որ ա­մէն տա­րի իր երկ­րէն տա­սը հա­զար հո­գի կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդում­նե­րով, ան ը­սաւ, թէ ներ­կա­յիս դես­պա­նա­տու­նը կ՚ու­սում­նա­սի­րէ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու ո­լոր­տէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րութիւն­նե­րը։ «Մին­չեւ հի­մա հայ-ճա­բո­նա­կան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ըստ էու­թեան հիմ­նուած էր Ճա­բո­նի կող­մէ տրա­մադ­րուած տնտե­սա­կան օգ­նու­թեան վրայ։ Մենք ա­ւե­լի քան 400 մի­լիոն տո­լար նուի­րա­տուու­թիւն կա­տա­րած ենք Հա­յաս­տա­նին հա­մար։ Կը կար­ծեմ՝ այ­սու­հե­տեւ պէտք է ու­սում­նա­սի­րել այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը», ըսաւ դես­պա­նը եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ նշեց, թէ զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս գո­յու­թիւն ու­նի զար­գաց­ման մեծ նե­րուժ մը։ Յի­շեց­նե­լով, որ ա­մէն տա­րի ա­ւե­լի քան տա­սը հա­զար հո­գի Ճա­բո­նէն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան՝ դես­պա­նը ը­սաւ. «Սա հիա­նա­լի ցու­ցա­նիշ մըն է»։

­Մինչ այդ, Էյ­ճի Թա­կու­չի Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Այս առ­թիւ ան ը­սաւ, թէ Ճա­բո­նի մէջ Կո­մի­տաս ու­նի բա­զում հա­մա­կիր­ներ։ Կոմիտասի թան­գա­րա­ն-կաճառի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պատ­շաճ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին դես­պա­նը։ Ա­նոնց ու­ղեկ­ցու­թեամբ ան կա­տա­րեց շրջայց մը, նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց տեղ­ւոյն գրա­դա­րա­նին մէջ։ Թա­կու­չի ստո­րագ­րեց նաեւ այ­ցե­լու­նե­րու մա­տեա­նը։ Այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ դես­պա­նը յայտ­նեց, թէ թան­գա­րա­նը հրա­շա­լի է ու ինք խո­րա­պէս տպա­ւո­րուած։

Դես­պան Թա­կու­չի միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, թէ Կո­մի­տաս կը շա­րու­նա­կէ ար­դիա­կան ըլ­լալ իր ստեղ­ծա­գոր­ծած ե­րաժշ­տու­թեան գե­ղա­րուես­տա­կան եզ­րե­րով, թեք­նիկ հնարք­նե­րով ու ե­րաժշ­տա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պով։ Ան հոծ թի­ւով հա­մա­կիր­ներ ու­նի նաեւ Ճա­բո­նի մէջ ու ճա­բոն­ցի բա­զում ե­րա­ժիշտ­ներ կը փա­փա­քին հա­մերգ­նե­րով հան­դէս գալ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015