ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿՐՆԱՅ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՎԵՐԱԲԱՆԱԼ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋՆԱՑՔԸ՝ ՄԻԱՅՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ԵԼՔԻ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ կան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց կ՚ուզեն Լաչինի միջանցքը բանալ միակողմանիօրէն, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան։
Կառավարութեան այս առաւօտեան ժողովի բացման վարչապետը տեղեկացուց, որ պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ուղարկուած՝ 400 թոն մարդասիրական բեռը տակաւին կը սպասէ Լաչինի միջանցք մուտք գործելու համար։ Հայկական լրահոսին մէջ յայտնուած են լուրեր, ըստ որոնց վարչապետը նախարարաց խորհուրդին ժամանակ ըսած է հետեւեալը.
«Իրադրութեան միակ փոփոխութիւնն է, որ Կարմիր խաչի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ զօրախումբի միջոցաւ Լաչինի միջանցքով որոշակի շարժ մը սկսած է բուժման կարիք ունեցողներու եւ այլ քաղաքացիներու համար։ Հաւաստի տեղեկութիւններ հասած են, թէ ծրագրեր կը մշակուին Լաչինի միջանցքը միակողմանիօրէն բանալու, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն ելք թոյլ տալու եւ մուտք թոյլ չտալու մասին։ Այս պահուն ալ Հայաստանի մէջ կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի բազմաթիւ բնակիչներ, որոնք չեն կարողանար վերադառնալ»։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետի տեղեկութիւններով Ատրպէյճան կը ծրագրէ միակողմանիօրէն բանալ Լաչինի միջանցքը՝ թոյլատրելով միայն ելքը Լեռնային Ղարաբաղէն։ Ներկայիս Հայաստանի մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներէն շուրջ 5 հազարը՝ նախորդ տարուան դեկտեմբերէն ի վեր միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով վերադառնալու կարելիութիւնը չ՚ունենար։ Շուրջ 30 հազարն ալ չի յաջողիր վերադառնալ՝ 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 7-րդ կէտի չկատարման հետեւանքով։
Հայաստանի պատկան պաշտօնական մարմինները կը տեղեկացնեն, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն ոտնձգութիւններ կատարել Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Իսկ այս առաւօտ վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Երեւան Պաքուին փոխանցած է խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին վերաբերեալ նոր առաջարկներ։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին։
Բաց աստի, վարչապետը յայտնեց, որ Պաքու զանազան միջոցներով շարունակաբար կը կացինահարէ Ստեփանակերտի հետ երկխօսութիւնը՝ փորձելով պատասխանատուութիւնը բարդել Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։