ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ԿԱՍՊՐՉԻՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիքը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Հարկ է նշել, որ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանի վերջերս տեղեկացուցած էր, որ իր յատուկ ներկայացուցիչը տարածաշրջան կը գործուղղէ՝ Լաչինի միջանցքի փակումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ուստի, Անճէյ Կասպրչիք Հայաստանի մէջ է՝ Լաչինի միջանցք այցելելու եւ առկայ իրավիճակին մասին զեկուցելու այդ յանձնարարականի շրջանակներէն ներս։
Արարատ Միրզոյեան երէկուան զրոյցին ընթացքին վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը՝ միջազգային գործուն դրութիւններու ներքեւ։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ապօրինի պաշարման հետեւանքով ծագած մարդասիրական տագնապին, որ հետզհետէ կը խորանայ՝ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց միջազգային հանրութեան հրատապ ու գործուն քայլերու հրամայականը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ը։ Արդարեւ, սա կարեւոր նշանակութիւն ունի վերահաս մարդասիրական աղէտն ու անոր անդառնալի հետեւանքները կանխելու առումով: