ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Զրոյցի ընթացքին Սահակ Սարգսեան Նորին Ամենապատուութեան ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան գործունէութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան ի մասնաւորի կանգ առաւ ներկայացուցչութեան նոր նախաձեռնութիւններէն մէկուն վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի քաղաքիս մշտական ներկայացուցչութիւնը կը պատրաստուի գեղարուեստական ծրագիր մը կեանքի կոչել՝ աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Մօտաւոր ապագային նախատեսուած ձեռնարկը պիտի իրականացուի՝ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն մասնագիտական ու մշակութային կառոյցներու հետ համագործակցութեամբ։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն համար գործի լծուած է նաեւ կարգադիր յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանայ համայնքի անդամներէն։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ եւ սիրով ողջունեց Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան այս նախաձեռնութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ անցեալ տարուան Կոմիտաս քառեակի համերգին նման՝ այս անգամուան ծրագիրն ալ յաջողութեամբ կը պսակուի։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ մշակութային փոխանակումները կարեւոր առիթներ կը համարուին՝ երկու հարեւան երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան ամրապնդման տեսակէտէ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սահակ Սարգսեանին տուաւ իր օրհնութիւններն ու յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։