ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԸ. ԱՌԱՋՆԱԽԱՂԸ ՁՕՆՈՒԱԾ Է ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ 155-ԱՄԵԱԿԻՆ

Երեւանի Օփերան կը պատրաստուի բանալ նոր եղանակը։ Օգոստոսի 29-ին պիտի սկսի նոր՝ 92-րդ թատերաշրջանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, առաջնախաղը ձօնուած պիտի ըլլայ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 155-ամեակին։

Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի թատերաշրջանի բացումը կը բնորոշուի Արամ Խաչատուրեանի անզուգական «Դիմակահանդէս» եւ «Գայիանէ» պալէներով։ Նոյն շարքին մաս կը կազմէ նաեւ երաժշտական աշխարհի ազատութեան խորհրդանշան «Սպարտակ» պալէն՝ նոյնպէս Արամ Խաչատուրեանի գլուխ գործոցներէն։

Այս տարուան ծրագրին մէջ ընդգրկուած են Վերտիի, Չայքովսքիի, Փուչինիի գործերու ներկայացումները։

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ յոբելենական ձեռնարկ մըն ալ նախատեսուած է սեպտեմբերի 19-ին՝ միւզիքալի ձեւաչափով։

Օփերայի յայտագրին վրայ կու գայ աւելնալ Արմէն Տիգրանեանի առասպելական «Անոյշ»ը։

Ի լրումն այս բոլորին, փոքրիկ հանդիսատեսներուն համար ալ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2024