ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Նորէն Ատրպէյճանի կողմէ ծանր յարձակում գործուեցաւ՝ այս անգամ Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ, թիրախ առնելով ե՛ւ սահմանապահ դիրքերը ե՛ւ խաղաղ բնակավայրերը։ Պաշտօնական տուեալներով՝ կան բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ, նիւթական բազմաթիւ վնասներ եւ քանդուած ենթակառոյցներ։ Տակաւին վերջնական տուեալները չեն յստակացուած։ Այս յարձակումները տեղի ունեցան ի հեճուկս վերջին շրջանին միջազգային դիւանագիտական ու քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու, ինչպէս Պրիւքսելի մէջ՝ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին ու Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն։ Եւ ի հեճուկս ամերիկացի նորանշանակ բանագնաց Ֆիլիփ Ռիքերի եւ Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւի տարածաշրջան այցելութեան։ Ի հեճուկս Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնն ու խաղաղ բնակչութեան դէմ ռազմական գործողութիւնները դատապարտող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնաժողովի յայտարարութիւններուն եւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի դատավճիռին։ Յարձակումները տեղի ունեցան՝ իբրեւ թէ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն՝ Ատրպէյճանի կողմէ հինգ ռազմագերիներու ազատ արձակումէն շաբաթ մը ետք։ Ինչպէ՞ս մեկնաբանել Ատրպէյճանի հակասական վայրենաբարոյ ռազմավարութիւնը, միջազգային հասարակութեան անհամապատասխան հակազդեցութիւնը։

Երկու շաբաթէ ի վեր Ատրպէյճան յերիւրածոյ յայտարարութիւններ կը կատարէր՝ ամբաստանելով հայկական կողմը Ատրպէյճանի դիրքերը ռմբակոծելու մեղադրանքով։ Այդ բոլորը կանոնաւոր կերպով կը հերքուէին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։

Հայաստան պաշտօնապէս դիմեց Ռուսաստանին, ՀԱՊԿ-ին։ (…) Բնական է որ դիմէ Ռուսաստանին՝ իր ռազմավարական եւ ռազմական դաշնակիցին։ Նոյնպէս ՀԱՊԿ-ին, որ թէեւ մեծ մասամբ ատրպէյճանամէտ երկիրներու ակումբ մըն է, որ ցայժմ Հայաստանի ի նպաստ ո՛չ մէկ դրական քայլ առած է, բայց եւ այնպէս անոր անդամ ըլլալով՝ պէտք է դիմէ։

Հանրապետութեան նախագահը եւ արտաքին գործոց նախարարը իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նշեցին, որ միջազգային հանրութենէն կը սպասեն Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող հասցէագրուած գնահատական։

Զարմանալիօրէն, Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումները միշտ սուր կերպով ջուրի երես կը հանեն Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցին՝ Ռուսաստանի անպարտաճանաչ, անպատասխանատու կեցուածքը։ 2020-ի Արցախի պատերազմին ժամանակ Ռուսաստան չմիջամտեց՝ պատճառաբանելով, որ Արցախ միջազգային օրէնքով Հայաստանին մաս չի կազմեր։ Նոյնիսկ ծաղրական շեշտով յիշեցուց, որ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն՝ Հայաստանի կողմէ իսկ չէ ճանչցուած։ Հապա ներկայի՞ս։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքն է, որ կը գնդակոծուի։ Ինչո՞ւ Ռուսաստան չի հակազդեր։ Կարելի է պատճառաբանել, որ Ուքրայնայի մէջ ներկայիս ան մեծ կորուստներ կը կրէ եւ Ատրպէյճան առիթը կ՚օգտագործէ Զանգեզուրի միջանցքի կառուցումը պարտադրելու եւ Արցախի կարգավիճակի որոշման հարցը լուծելու համար, տարածքային իր ամբողջականութիւնը պարտադրելով։ Այս պատճառաբանութիւնը եթէ այսօր ձեւով մը «ընդունելի» է, բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ձեւով կ՚արդարացնէ 2020-էն ի վեր Հայաստանի ինքիշխան տարածքներուն դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններու առաջքը առնելու եւ իր դաշնակցային պարտականութիւնները կատարելու Ռուսաստանի դժկամութիւնը։

Փաստօրէն Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններու արհաւիրքին վրայ կ՚աւելնայ Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակցութեան փորձանքը, որ Հայաստանը կը զրկէ ինքնապաշտպանութեան երկու կարեւոր լծակներէ. առաջին՝ ազատօրէն երրորդ երկիրներէ գերարդիական զէնք եւ զինամթերք գնելու կարելիութենէն, որովհետեւ Ռուսաստանի կողմէ այդ քայլը պիտի դիտուէր իբրեւ ոչ-դաշնակցային, թշնամական քայլ եւ երկրորդ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին դիմելու կարելիութենէ, որովհետեւ այս քայլը կրնայ առաջնորդել միջազգային դատապարտումի եւ նոյնիսկ միջազգային խաղաղապահ զօրքեր տարածաշրջան ղրկելու որոշումի, ինչ որ կը հակասէ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրքերու տեղակայումին։

Ֆրանսա պիտի դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու նպատակով։ Կարեւոր յառաջընթաց մը պիտի ըլլայ այս քայլը Հայաստանը դուրս բերելու զուտ ռուսական պաշտպանական համակարգէն։ Թէեւ Ռուսաստան եւս Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ ըլլալով եւ վեթոյի իրաւունք ունենալով՝ կրնայ որեւէ որոշումի քուէարկումը խոչընդոտել։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022