ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱԽՏ ՎԻՃԱԿԱԾ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան համոզուած է, թէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կարեւոր բախտ մը վիճակած է։

Նախագահ Էրտողան այս օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի ձեռնարկներուն։ Էրտողան այցելութեան շրջանակներէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյց մը ունեցաւ՝ Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ։ Այս վերջինը կը գտնուի ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանի ճիշդ դիմացը։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կարեւոր հնարաւորութիւն ստացած են Հարաւային Կովկասէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ սկզբունքային դիրքորոշումն է՝ նպաստել տարաձայնութիւններու վերացման, խաղաղութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման։ «Մենք անձեռնմխելի կը համարենք պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի չափանիշները։ Ժամանակակից աշխարհին այս սկզբունքները աւելի քան երբեւէ պէտք են», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այդ նպատակներուն հասնելու համար անհրաժեշտ է ամրապնդել բազմաբեւեռ աշխարհակարգը։ «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ ի յայտ եկած երկբեւեռ աշխարհը, ինչպէս նաեւ միաբեւեռ աշխարհը մնացած են պատմութեան մէջ», նշեց Էրտողան եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի կառուցուածքը բարեփոխուի։

Նախագահ Էրտողանի այս խօսքերը հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ ալ արձագանգ գտած են։ Մինչ այդ, Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է նաեւ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը։ Փաշինեան այս օրերուն նոյնպէս կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ եւ ըստ լրատուամիջոցներուն՝ այս ժամադրութիւնը նախատեսուած է Թրքական տան մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2024