ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կայ շօշափելի յառաջընթաց։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։ Ան խորհրդարանի ամպիոնէն խօսեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ ունեցած վերջին տեսակցութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Ան ըսաւ.

«Մեր երկխօսութիւնը կը զարգանայ դրական հունով։ Կը կարծեմ՝ մենք արդէն ունինք որոշ շօշափելի յառաջընթաց՝ ներառեալ օդային տարածքէն օգտուելու եւ այլ հարցերու մէջ։ Կան վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ որոշ միջոցառումներ, զորս կը ծրագրենք միասին ընել։ Ի հարկէ, ըստ պայմանաւորուածութեան՝ սահմանը բաց պէտք է ըլլար երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար, սակայն, դժբախտաբար, սա տակաւին իրականութիւն չէ։ Կ՚աշխատինք այս ուղղութեամբ»։

Ըստ Արարատ Միրզոյեանի՝ Հաքան Ֆիտանի հետ հանգամանալից ու բովանդակային խօսակցութիւն տեղի ունեցած է թէ՛ երկկողմանի օրակարգի եւ թէ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ «Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան, ապա ես զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը յայտնեմ, թերեւս այս անգամ պակաս զգուշաւոր եւ քիչ մը աւելի շատ հաստատ լաւատեսութիւն։ Մեր խօսակցութիւնը բաւական դրական բովանդակութիւն ունի եւ կը յուսամ, թէ մօտաւոր ապագային մենք կը տեսնենք նոր, յետոյ դարձեալ նոր շօշափելի ձեռքբերումներ», ըսաւ Միրզոյեան։

Ծանօթ է, որ Ֆիտան Միրզոյեանը հիւրընկալած էր՝ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուած «3+3» խորհրդատուական հարթակի արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի շրջանակներէն ներս։ Միրզոյեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ Հայաստան նպատակայարմար չի համարեր «3+3» ձեւաչափը օգտագործել՝ որպէս Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու հարթակ եւ արդէն այդպիսի առաջարկ մըն ալ գոյութիւն չունի։

«Որովհետեւ մենք Ատրպէյճանի հետ ունինք մեր երկկողմանի բանակցութիւններու ձեւաչափը՝ ընդ որում բոլոր ուղղութիւններով՝ թէ՛ սահմանազատման, թէ՛ խաղաղութեան պայմանագրի եւ թէ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Այլ բան է, որ ինչպէս բազմակողմանի զանազան միջոցառումներու ընթացքին՝ այնպէս ալ «3+3»ին զանազան երկիրներու նախարարներ կ՚օգտագործեն նոյնաժամանակ նոյն տեղը գտնուելու առիթը եւ իրենց երկկողմանի հանդիպումները եւ բանակցութիւնները կ՚ունենան», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ Իսթանպուլի մէջ իր եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման պարագային ալ եղած է նոյնը։ «Մենք կեդրոնացանք խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վրայ, փորձեցինք դրական զարգացում ապահովել եւ մօտեցնել պայմանագրի հաւանական շուտափոյթ կնքումը», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2024