ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Երեւանի մէջ խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Փաշինեան եւ Փութին երէկ Երեւանի մէջ ունեցան տեսակցութիւն մը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Անոնք այս առթիւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման։

Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ Փաշինեան նշեց, որ տարածաշրջանային բնոյթով հարցերը, տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերը իրենց հետաքրքրութեան առարկայ են։ Փաշինեան անդրադարձաւ Փութինի օգնութեամբ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ անոնց պահպանման։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, որ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութիւն կը հաստատուի։ Իր կարգին, Փութինն ալ մատնանշեց տարածաշրջանային բնոյթով հարցերը, տարածաշրջանէն ներս կարգաւորման վերաբերեալ հարցերը՝ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումով հանդերձ։

ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ ալ Փութին խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ակնկալուած խաղաղութեան պայմանագրին մասին։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համակողմանի լուծման անհրաժեշտութեան վրայ։ Իր խօսքով՝ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ գոյացած համաձայնութիւնները լաւ հիմք կը ստեղծեն սկզբունքային հարցերու շուրջ ապագայ փոխզիջումներու համար։ «Միայն այս պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն կատարելով՝ սահմանազատման, փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ, մենք կրնանք հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման։ Կը յուսանք, թէ սա ի վերջոյ կ՚ապահովէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը», ըսաւ Փութին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2022