ՆՈՐ ԴԱՏԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Այս օրերուն թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներուն մէջ դարձեալ ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած է՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ, որ թէեւ վերջին օրերուն բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ի մօտոյ վերստին պիտի դատուի։
Օկիւն Սամաստի նոր դատավարութեան ընդառաջ թրքական մետիան մասնաւորապէս խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ 28 նոյեմբեր 2016 թուականին, Սիլիվրիի բանտէն ներս անոր տեղի տուած դէպքը։ Այսպէս, ան բանտապահներուն վրայ յարձակած է իր խուցին մէջ։ Օկիւն Սամաստ այս պատճառով շուրջ երեք ժամ հսկողութեան տակ մնացած է։ Կալանավայրի անվտանգութեան տեսախցիկներու արձանագրութիւններուն հիման վրայ առնուած տեսանիւթերն ալ այս փուլին հանրային կարծիքին կը ներկայացուին՝ լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Այդ դրուագներուն մէջ կ՚երեւի, թէ տագնապալի այդ փուլին Օկիւն Սամաստ ինչպէս կը զսպուի բանտապահներու կողմէ եւ առանց տարազի եւ առանց կօշիկի կը դրուի վերահսկողութեան սենեակ, ուր երեք ժամ մնալէ վերջ վերադարձած է իր խուցը։
Այդ դէպքերուն հետեւանքով Օկիւն Սամաստ չէ կրցած 2020 թուականին դուրս գալ բանտէն՝ հակառակ իր պատժամիջոցի աւարտած ըլլալուն։ Այս դէպքին հետեւանքով 5 տարի 11 ամիս յաւելեալ բանտարկութեան դատապարտուած է ան ու զրկուած՝ պայմանական ազատ արձակման իրաւունքէն։
Այժմ, Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ Օկիւն Սամաստի պարագային արդէն պատրաստուած է նոր մեղադրական մը, որու հիման վրայ յառաջիկային պիտի սկսի նոր դատավարութիւնը։