ՆՈՐ ՇՓՄԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ

Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու՝ կողմերու համար տարբեր միջնորդներու նախընտրելիութեան բերումով ընդհատուած ըլլալը այս շրջանին վերածուած է լուրջ հարցի մը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ուշագրաւ դարձած են պաշտօնական աղբիւրներու հրապարակումները, ըստ որոնց, մինչեւ ամսավերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր ուղիղ շփում մը տեղի կրնայ ունենալ։ Թէեւ խօսքը բարձր մակարդակի տեսակցութեան մը չի վերաբերիր, սակայն, նոյեմբերի 30-ին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ նախատեսուած է սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու հանդիպումը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան երէկ այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Այսպէս, սկզբնական պայմանաւորուածութիւն գոյացած է, որպէսզի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովներու հերթական հանդիպումը տեղի ունենայ։ Հարկ է նշել, որ այս յանձնաժողովներուն շփումները երկար ժամանակէ ի վեր ընդհատուած էին։

Մինչ այդ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ յառաջիկային հանդիպում մը չէ նախատեսուած։ Վերջին շրջանին թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Արեւմուտքը իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով եւ կոչերով հանդէս կու գան՝ Երեւանն ու Պաքուն բանակցային սեղանի շուրջ համախմբելու համար, սակայն, առայժմ այս ուղղութեամբ նորութիւն մը չկայ։ Ատրպէյճան նոյնիսկ վերջին օրերուն իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցան Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած՝ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ՝ արժեւորելով Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր կ՚այցելէ Պաքու։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի Կեդրոնական Ասիոյ տնտեսութիւններու յատուկ ծրագրի՝ SPECA-ի 25-ամեակին ձօնուած տնտեսական յոբելենական համաժողովին կը մասնակցի Ղարիպաշվիլի, որ առանձնազրոյց մըն ալ կ՚ունենայ Ալիեւի հետ։ Ղարիպաշվիլի ելոյթ մըն ալ կ՚ունենայ այս համաժողովին ժամանակ, որուն առթիւ Պաքու կ՚այցելեն նաեւ Տաճիկիստանի, Ղազախիստանի, Խրղզիստանի եւ Էօզպեքիստանի նախագահները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2023