ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՆԱՄԱԿ

Ազգային մեծ ժողովին կողմէ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան համար տրուած հաւանութիւնը անմիջապէս կ՚անդրադառնայ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն վրայ։ Այսպէս, Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ երկար ատենէ ի վեր խնդրայարոյց դարձած «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու գործարքին ի կատար ածման ուղղութեամբ կ՚ակնկալուին դրական իրադարձութիւններ։

Տեղական մամուլը կը գրէ, որ խորհրդարանի որոշումէն անմիջապէս վերջ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն նամակ մը ուղարկած է քոնկրէսին՝ պահանջելով, որ հաւանութիւն տրուի Թուրքիոյ հետ «Ֆ-16»երու գործարքին։ Սպիտակ տան նամակը հասցէագրուած է թէ՛ Ծերակոյտին եւ թէ Ներկայացուցիչներու տան։

Հարկ է նշել, որ սոյն գործարքը կ՚արժէ 20 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Թուրքիա 40 նոր կործանիչ ձեռք բերել կը ձգտի, նաեւ արդիականացման սարքաւորումներ պիտի ապահովէ 79 հատի պարագային։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024