ԻՒՐՈՎԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը Հայաստանին չի վերաբերիր, սա իր երկրի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ է։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի վերջին քննարկումներուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սերկէյ Լաւրովի արտայայտութիւնները արձագանգ գտան նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Այսպէս, ռուս նախարարը ըսաւ. «Մենք իսկապէս այնտեղ՝ Ղարաբաղի մէջ ունինք խաղաղապահներ, նոյնիսկ այն բանէն վերջ, երբ բոլորը Ղարաբաղը ճանչցան՝ որպէս Ատրպէյճանի տարածք։ Բայց այս հարցը այլեւս չի վերաբերիր հայկական կողմին, սա Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է»։
Բաց աստի, Լաւրովի խօսքով՝ Արեւմուտքը որոշած է, որ Ռուսաստանի դերը Ատրպէյճան-Հայաստան հաշտեցման գործին մէջ սխալ է։ Ուստի, Արեւմուտքը կը փորձէ կողմերը գայթակղեցնել դէպի Պրիւքսէլ, Փարիզ կամ Ուաշինկթըն։ Ան յիշեցուց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին որոշիչ դեր խաղացած էր 2020 թուականի նոյեմբերին պատերազմի դադրեցման համար։ Լաւրով յիշեցուց նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնք կը սահմանեն կարգաւորման հիմնական առանցքները՝ ներառեալ սահմանազատումը, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։
«Վերջերս կը տեսնենք, թէ այս պայմանաւորուածութիւններու ձեռք բերումէն յետոյ ինչպէ՛ս Արեւմուտքը որոշեց, որ տեղ մը սխալ է, թէ Ռուսաստան կը յաջողի այս ուղղութեամբ յառաջընթացի հասնիլ եւ անոնք սկսան հրաւիրել Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Պրիւքսէլ, յետոյ Փարիզ, ապա Ուաշինկթըն, ապա Փրակ», եզրակացուց ան։