Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
«ՀԱՐԻՒՐ ԵՐԿՎԱՅՐԿԵԱՆ»
Հայաստանի մէջ հասարակական հարթութեան վրայ եւս կ՚ընթանան 2015-ի ոգեկոչումները։ Այս շրջագծով «Մետիամաքս» եւ «ՎիվաՍել» ընկերութիւնները համատեղ ձեռնարկած են «100 երկվայրկեան» նախագծին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը ծանօթացուեցաւ այս ծրագիրը։ «100 երկվայրկեան»ի կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկան «Մետիամաքս»ի տնօրէն Արա Թադէոսեան եւ «ՎիվաՍել»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը համակարգէ 2015-ի միջոցառումներու պետական յանձնաժողովի աշխատանքը։
Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015