Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊՈՆՏՈՍԻ ՅՈՒՆԱՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան պետութեան սահմաններէն ներս ապրուած ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը։ 20-րդ դարասկիզբին ապրուած դէպքերուն սոյն որակումը տալու ժամանակ՝ Հայաստանի խորհրդարանը մատնանշեց, թէ շուրջ 1.2 միլիոն յոյն եւ 800 հազար ասորի զոհ գացած են դէպքերուն։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էտուարտ Շարմազանով «Արմէնփրէս»ին յայտնեց, թէ այս բանաձեւին ընդունուիլը կը նշանակէ բոլոր ցեղասպանութիւններուն դատապարտումը Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ։
Սոյն իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015