ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱՆՊԵՐԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս օրերուն կ՚այցելէ Աւստրալիա։ Քանպերայի մէջ ան շփումներ ունեցաւ տեղւոյն ղեկավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Աւստրալիոյ խորհրդարանէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան տեսակցեցաւ Հիւսիսային Սիտնիի խորհուրդի անդամ Ճօ Հոքէյի հետ։ Աւստրալիոյ Արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարի խորհրդարանական քարտուղար Սթիվըն Չիպոյի հետ Հրանոյշ Յակոբեան քննարկեց երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։
Աւելի վերջ Հրանոյշ Յակոբեան տեսակցեցաւ Աւստրալիոյ Գիւղատնտեսութեան, ձկնորսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար Ճոյէլ Ֆիցկիպոնի հետ։ Իր զրուցակիցներու շարքին էին Աւստրալիոյ երեսփոխաններէն Միշէլ Ռոլանտ, Սիտնիի օդակայանի Համայնքային ֆորումի նախագահ Ճոն Ալեքսանտր։
Այս տեսակցութիւններէն վերջ, Հրանոյշ Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն մասնակցեցաւ երկրի կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետին։ Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Պրոնուին Պիշօ այս առթիւ ողջունեց Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայութիւնը՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ յատուկ բանագնացը։