ՍԱՀՄԱՆԻ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՊԱՏՃԱՌ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուած մթնո­լոր­տը կը մնայ առ­կայ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, վաս­տա­կա­ւոր զօ­րա­վար Ար­քա­տի Տէր-Թա­դէո­սեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Քո­ման­տոս ծած­կա­նու­նով վաս­տա­կա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րը յայտ­նեց, որ Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րա­վի­ճա­կը կը լա­րէ Թուր­քիոյ պա­հան­ջով։ Ըստ ի­րեն, թրքա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը շատ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ եւ Թուր­քիա Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջո­ցաւ կը փոր­ձէ ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղել ներ­կայ թուա­կա­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցէն։

Ար­քա­տի Տէր-Թա­դէո­սեա­նի խօս­քե­րով՝ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղեակ է այս մա­սին ու գի­տէ նաեւ կան­խար­գիլ­ման մի­ջոց­նե­րը։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով, մին­չեւ Ապ­րի­լի 24-ը պի­տի ա­ւել­նան Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րը, սա­կայն տե­ղի պի­տի չտան լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մի մը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով հա­ւա­նա­կան պա­տե­րազ­մի մը ծագ­ման վար­կա­ծին՝ Քո­ման­տո­սը նշեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղեակ է, թէ հայ­կա­կան զօր­քե­րը բա­րեն­պաստ դիր­քեր կ՚ու­նեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015