ՄԻՆՉԵՒ 2023-Ի ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻՆ ՍԿԻԶԲԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացած է՝ որպէսզի մինչեւ 2023 թուականի զբօսաշրջութեան եղանակին սկիզբը բացուի երկու երկիրներու սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի այս կարեւոր երեսակին կապակցութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ փետրուարի 15-ին աշխատանքային այցելութիւն մը տուած էր Թուրքիա՝ ցաւակցելու համար երկրաշարժի հետեւանքով մեծաթիւ զոհերուն կապակցութեամբ։ «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ վերահաստատեցինք մինչեւ այս տարուան զբօսաշրջային եղանակի սկիզբը հայ-թրքական սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն համար բանալու պատրաստակամութիւնը», ըսաւ Միրզոյեան։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023