ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԴԷՊՔԵՐ
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտահոգիչ դէպքեր, որոնք լայն արձագանգ ստեղծեցին։ Պատկան իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ պատահարները ահաբեկչական դէպքերու յատկանիշներ ունին։ Սա, անշուշտ, առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ մանաւանդ նախօրէին Մոսկուայի մէջ պատահած ահաւոր ահաբեկչական յարձակման մթնոլորտին մէջ։ Բարեբախտաբար, Հայաստանի մէջ պատահած դէպքերը որեւէ զոհ չխլեցին։
Երէկ, Երեւանի արուարձաններէն Նոր Նորքի մէջ ոստիկանատուն ներխուժեց երեք անձ։ Հայաստանի ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժանմունքը ներխուժած երեք անձերէն երկուքը անմիջապէս վնասազերծուեցան։ Միւս անձը աւելի ուշ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ վնասազերծուեցաւ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ որեւէ զէնք չէ օգտագործուած այդ գործողութիւններուն ընթացքին։ Ի դէպ, թէ՛ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան եւ թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները այս դէպքին ընթացքին անմիջապէս շարժման անցան։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեղեկացուց, որ քրէական վարոյթ սկսած է՝ ոստիկանատան բաժանմունք կատարուած ներխուժման դէպքին կապակցութեամբ։ Ահաբեկչութեան յատկանիշներով յառաջ կը տարուի հարցաքննութիւնը։
Մինչ այդ, հայկական աղբիւրները շաբաթավերջին տեղեկացուցին, որ «Մարտական եղբայրութիւն» միաբանութեան աւելի քան 30 անդամներ ձերբակալուած են։ Բացի Երեւանէն, Տաւուշի մարզին մէջ ալ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած են ձերբակալութիւններ։ Հաղորդումներու Տաւուշի մարզին վերաբերեալ ծալքերը առանձնապէս ուշագրաւ են։ Արդարեւ, քանի մը օր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Տաւուշի սահմանամերձ կարգ մը գիւղերը կրնան յանձնուիլ Ատրպէյճանին, այլապէս եթէ այդ քայլը փութով չառնուի, կրնայ ծագիլ նոր պատերազմ մը։ Վարչապետին այս յայտարարութիւնները միանշանակ չեն ընկալուած հանրային կարծիքին կողմէ եւ Հայաստանի մէջ հրահրած են ընդդիմադիր բազմաթիւ շրջանակներու եւ հանրային կարծիքի պոռթկումը։ Իրադարձութիւններու այս դիպաշարը արդէն ինքնին արտասովոր իմաստ կը վերագրէ ամէն ինչի։