ՑԱՒՈՏ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ երկրի Սահմանադրութեան բովանդակութեան հեղինակը պէտք է ըլլայ ժողովուրդը։ Ան անդրադարձաւ՝ վերջին շրջանին իշխանական ճամբարին կողմէ օրակարգի վրայ բերուած Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցին եւ այս կապակցութեամբ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած սահմանադրութիւն մը։ «Իրական սահմանադրութիւնը կը ստեղծէ ժողովուրդը։ Եթէ ժողովուրդը չէ ստեղծած այդ սահմանադրութիւնը, ապա սա անիմաստ փաստաթուղթ մըն է», ըսաւ Փաշինեան։
Իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ տեղի կ՚ունենայ շատ ցաւոտ անցում մը պատմական Հայաստանէն դէպի իրական Հայաստան։ Ան յիշեցուց քանի մը օր առաջ խորհրդարանէն ներս ըրած յայտարարութիւնը, ըստ որու ինք ոչ թէ պատմական Հայաստանի, այլ այսօրուան իրական Հայաստանի վարչապետն է։ «Ես կ՚ուզեմ ձեզի հետ բաժնել այն միտքը, թէ, իմ կարծիքով, տեղի կ՚ունենայ հետեւեալը. առաջին հերթին մեր մտքերուն մէջ ինչ-որ առումով նաեւ ֆիզիքապէս շատ ցաւոտ անցում տեղի կ՚ունենայ պատմական Հայաստանէն դէպի իրական Հայաստան», ըսաւ վարչապետը եւ կարեւորեց այս գործընթացի հետ առերեսումը՝ մանաւանդ որպէս Հայաստանի մէջ իշխանական ուժ։ «Մենք պէտք է այս գործընթացը հասկնանք եւ այս գործընթացին մասին մենք պէտք է նախ մեր միջեւ խօսինք եւ յետոյ խօսինք ժողովուրդին հետ։ Մեր առաքելութիւնն է առաջնորդել եւ ապահովել Հայաստանի ժողովուրդի եւ պետութեան անցումը՝ պատմական Հայաստանէն իրական Հայաստան եւ ապահովել իրական Հայաստանի էնսթիթիւսիոնէլ զարգացումը։ Կը կարծեմ, թէ եթէ մենք այս ընտրութիւնը չկատարենք եւ պատմական Հայաստանը ըլլայ մեր գործողութիւններու մղումը, ես կը վախնամ, թէ շատ մեծ կը դարձնենք հաւանականութիւնը, որ իրական Հայաստանը դառնայ պատմական Հայաստան», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։
Կուսակցական հաւաքոյթին ժամանակ վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելու համար պէտք է կանգնիլ օրինականութեան գծերու վրայ։ «Մեր նպատակն է մեր երկրին շուրջ այնպիսի իրադրութիւն մը ստեղծել, որ պատերազմը անհնար դառնայ», շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան։