«ԱՈՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ՝ ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՓԱՐԱՆԿԻՑԷ
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ «Աուրորա» մրցանակը, որու առաջին դափնեկիրը դարձաւ Մարգարիտ Փարանկիցէ (Պրունտի)։ Միւս թեկնածուներն էին՝ Թոմ Քաթինա (Սուտան), Սաիտա Ղուլամ Ֆաթիմա (Փաքիստան) եւ Հայր Պեռնար Քինվի (Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն)։ Մրցանակի դափնեկիրը ստացաւ 100 հազար ամերիկեան տոլար պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ ներկայացնելով զինքը ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։
Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան մօտէն ծանօթ գործիչներ։
«Աուրորա» մրցանակը կը շնորհուի յանուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն եւ ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք երկարած են հայ ժողովուրդին։ Մրցանակը կը շնորհուի մերօրեայ այն հերոսներուն, որոնք կ՚օգնեն մարդոց՝ անձնուիրաբար ու բացառիկ ջանքերով։ Այս մրցանակը ամէն տարի Ապրիլի 24-ին պիտի շնորհուի Երեւանի մէջ։
Մարգարիտ Փարանքիցէի մրցանակը յանձնեցին դատակազմէն Ռուբէն Վարդանեան եւ Ճորճ Քլունի։