ՄԱՔՐՈՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ

Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Էմմանիւել Մաքրոն եւ Մարին Լը Փեն, որոնք երկու շաբաթ առաջ առաջին երկու տեղը նուաճելով դարձած էին անխուսափելի թեկնածուները, երէկ վերջին անգամ ներկայացան ֆրանսացի ընտրողներուն։ Արդիւնքին Մաքրոն վերընտրուեցաւ՝ ստանալով քուէներու 58.55 տոկոսը։ Մարին Լը Փեն ձայներու 41.45 տոկոսը ստացաւ։

Ըստ մեկնաբաններու, Մաքրոնի վերընտրութեան հիմնական գործօնը դարձաւ ձգտումը այն մեծ զանգուածին, որ կը փափաքէր պատնէշել ծայրայեղ աջակողմեաններու իշխանութիւնը։

Մարին Լը Փեն թէեւ երրորդ անգամ պարտուեցաւ, սակայն ծայրայեղ աջակողմեան ղեկավարի մը ցայսօր ապահոված ամենաբարձր համեմատութեամբ քուէին արժանացաւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022