ՆՈՐ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիա-Գերմանիա համագործակցութիւնը կը խորանայ՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս համատեղ արտադրական ծրագիրներով։

Նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Ուղեւորութեան ծրագրին վերջին օրը Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը։ Պետական բարձր արարողակարգի պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ հիւր ղեկավարին ընդունելութիւնը։ Հանդիպումէն վերջ երկու նախագահները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։

Էրտողան այս փուլին նշեց, որ երկու երկիրներու առեւտուրի ծաւալը ներկայիս հասած է 50 միլիառ տոլարի շեմին եւ նոր թիրախն է այդ մէկը 60 միլիառ տոլարի մակարդակին բարձրացնելը։ Իր կարգին, Շթայնմայէրն ալ շեշտեց, որ Պերլին կը փափաքի Անգարայի հետ յարաբերութիւնները զարգացնել։ «Թուրքիա եւ Գերմանիա իրարու միակ գործընկերները չեն, սակայն այնպիսի գործընկերներ են, որոնք իրարմէ չեն կրնար հրաժարիլ», ըսաւ ան։

Լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ այս այցելութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր անկիւնադարձ մը կրնայ բնորոշել։ Արդարեւ, երկու երկիրները կը ձգտին նոր շրջանի մը սկիզբը դնել։

Նախագահ Էրտողան երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 60 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու նպատակին զուգահեռ՝ ընդգծեց, որ թրքական կողմի ակնկալութիւնն է այլեւս պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս սահմանափակումներու օրակարգէն դուրս մնալը։ Ան համոզուած է, թէ երկու երկիրներու հասարակաց յայտարարը կը հանդիսանան հասարակական կապերը։ Էրտողան ընդգծեց նաեւ ցեղապաշտութեան վերաբերեալ թրքական կողմին մտահոգութիւնները եւ ընդգծեց, որ Անգարա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ աւելի ազդու համագործակցութիւն կ՚ակնկալէ Պերլինէն։ Հաշուի առնելով, որ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած էին նաեւ միջազգային հրատապ խնդիրները՝ Էրտողան նշեց, որ Կազզէի մէջ ողբերգութիւնը պէտք է վերջ գտնէ։

Իր կարգին, Շթայնմայէրն ալ նշեց, որ Էրտողանի հետ խտացեալ քննարկումները ծայր աստիճան օգտակար եղած են։ Ան նշեց, որ Գերմանիա երբեք պիտի չմոռնայ Թուրքիոյ աղիտեալները, որոնք երկրաշարժներուն հետեւանքով տուժած են։ Շթայնմայէրի խօսքով՝ Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած ելմտական քաղաքականութիւնը գնահատանքով կ՚ընկալուի։ «Ես կը մաղթեմ, որ Թուրքիա ունենայ աշխոյժ, ժողովրդավարական եւ դէպի Եւրոպա ուղղութեամբ նոր զարգացում մը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ իր երկրէն ներս ցեղապաշտութեան դրսեւորումները համապատասխան պատիժի պիտի ենթարկուին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024