ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՓՐՈՖ. ՆԻՔՈԼԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, կեանքէն հեռացաւ ականաւոր գիտնական, հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ գործունէութիւն կը ծաւալէր՝ որպէս հասարակական գործիչ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիքոլայ Յովհաննիսեանի մահը հաղորդուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնով։

Փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ էր։ 1995-2006 թուականներուն ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէնը եղած էր։ Ան հայ ժամանակակից արաբագիտական պատմագիտական դպրոցի հիմնադիրը կը համարուէր։ Պատմական գիտութիւններու տոքթոր էր։ Փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեան հեղինակած էր բազմաթիւ կարեւոր գիրքեր, նաեւ ստորագրած էր կարեւոր գիտական յօդուածներ՝ տասնամեակներու տեւողութեան հասցուցած սերունդներուն առընթեր։

Նիքոլայ Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը Երեւանի մէջ նախատեսուած է այսօր երեկոյեան ժամերուն։ Իր յուղարկաւորութիւնն ալ տեղի պիտի ունենայ վաղը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024