ՈՒ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ…

Ապրիլ 24 է։

Հայաստանի եւ Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» սեպող Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան օրակարգին համաձայն, սահմանագծման ու սահմանազատման աշխատանքները սկսած են։ Ոսկեպարի բնակիչները գիշեր-ցերեկ արթուն են։ Տեսերիզի մը մէջ՝ գիշերը կրակին շուրջ հաւաքուած ոսկեպարցիներ «Երբ չի մնում ելք ու ճար» կ՚երգէին։ Ուրիշ ոսկեպարցիի մը տան խոհանոցը երկուքի պիտի կիսուի «խաղաղաբեր» այդ սահմանագծման պատճառով։

Ապրիլ 24 է։ Մեր ի՞նչը կիսատ չէ։

Ապրիլ 24 է եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը կ՚ոգեկոչուի։ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Լեմքինի կաճառը կը պնդեն, որ անպատիժ մնացած ցեղասպաննութիւնները կանաչ ճանապարհ մը կը հարթեն նո՜ր ցեղասպանութիւններու։ Ինչ խօսք, ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին։ Ժամանակին հերոս լուսանկարիչներու, լրագրողներու, այս կամ այն պետութեան դեսպաններու օրագրութեանց միջոցաւ կը գիտնայինք, որ կանայք ու մանուկներ կը սպաննուին։ Այսօր, ականատես ու լուռ ենք բոլորս։ Լուռ չմնացող ու գոռացողները խաղաղութեան միջազգային ատեաններէն ուսերու վրայ շալկուած դուրս կը հանուին։

Ապրիլ 24 է եւ սփիւռքի՝ Միջին Արեւելքի մեր դպրոցներուն մէջ խաւաքարտէ պատրաստուած Ծիծեռնակաբերդին առջեւ հայ ուսուցչաց ու աշակերտներուն հետ արաբախօս պաշտօնեաներն ալ ծաղիկ կը դնեն, երբ վերջին տարիներուն բլուրներո՜վ տղաք թաղած մեր հայրենիքին մէջ մեծ եղեռնի զոհերուն մէկուկէս միլիոն ըլլալու փաստերը կ՚արծարծուին։

Ապրիլ 24 է եւ դեռ երկիւղով «Կոտորածն անգութ» ու «Կիլիկիա» կ՚երգենք։ Ամիսներ առաջ կորսուած Ստեփանակերտի խորհրդարանի ինքնատիպ շէնքին ու Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ու անոր կողքի գերեզմանատան ոչնչացումը կը հաղորդագրենք ու կ՚ափսոսանք։

Երէկ՝ Արցախ, այսօր՝ Սիւնիք ու Տաւուշ։ Վաղը՞…

Վաղը մերը չէ՜, բարեկամներ։

Վաղը հայոց ցեղասպանութիւնը ապրած ու փրկուած «Կիւլիզար»ին ու «Դերենիկ»ինը չէ՛։ Դժուար անուն է «Դերենիկ»ը եւ ոչ-ժամանակահունչ։ «Դերօ» կամ «Դերիկ» պիտի կանչուէր այս օրերուն ապրող Դերենիկ մը։

WiFi-ով ու 5G-ով Google-ին անգլերէնով «Արմինիըն ճենոսայտ» հարցնող մեր մանուկներունն է վաղուան օրը։ Նոյն այն մանուկները, որոնք իսկական թէ խորհրդանշական «Ծիծառնակաբերդ»երուն ու խաչքարերուն առջեւ ծաղիկներ կը տեղադրեն։

Մարտիկներ ու մարտիրոսներ էին մեր պապերը, իսկ զաւակները՝ աշխարհաքաղաքացիներ։

Հապա մե՞նք։

Վեկնէրի ու Տէր-Զօրի նկարներուն, «Ահաւոր բան»ին ու «Պար»ին, տարիներո՜ւ մոմավառութիւններուն ու հսկումներուն եւ այսօրուան Եռաբլուրին, պատերազմին, «խաղաղութեան» ու փակ հանդիպումներուն միջեւ կանգնածներս։

Ի՞նչ կը կոչուինք մենք։

Ճամբարներու կողքին շիւղ առ շիւղ դպրոց շինած ու մեզի հայօրէն մեծցուցած մեր նախնիներուն ու լատինատառ հայերէն գրող, NET ու GPS-ով ամէ՜ն տեղ հասնող մեր զաւակներուն նկատմամբ հոգեւոր պատասխանատուութիւններուն միջեւ՝ ովքե՞ր ենք մենք։

Կը խոնարհիմ գաղափարի ու հաւատքի սիրոյն իրենց կեանքը կորսնցնելով սրբացած մեր զոհերու յիշատակին առջեւ, վարդի պէս տղաք թաղած անմխիթար մեր մայրերուն վիշտին դիմաց, անկասկած ու գոյութեան չաւարտող պատերազմ մը համարուող այս կեանքին մէջ չեմ վհատիր զմեզ հերոսներ կոչել։

Հերոսներ ենք, այո՛, քանզի օտար հողի վրայ մշակուած երկու հաւասարազօր ինքնութիւններու միջեւ՝ հայերէն սորվող, աղօթող, արաբական գրականութիւն, երգ ու «մուսալսալ» ճաշակող ու յուզուող մեր էութեամբ՝ մեզ հայ պահողներուն պատմութիւնը մե՛նք ապրեցուցինք ու դեռ կ՚ապրեցնենք։ Այսօր ալ, համաշխարհային գունաւոր ձեռնոցով շաղուած մեր ինքնութեամբ՝ մեր մանուկներուն տեղադրելիք ծաղիկները անոնց ձեռքերուն մէջ մե՛նք կը դնենք։

Անմահութիւն է իմացեալ մահը, ըսած է մեր պատմիչը դարեր առաջ, գիտեմ, բայց «ես» ու «անձնական հաճոյք» փառաբանող բազմաշերտ ու բազմագոյն նո՜ր ուղիներու միջեւ քո՛ւ հնամեադ ընտրել, նորաոճ հպումներով զայն այս բոլորին մէջ տեղաւորել ու անով շարունակելն ա՛լ հերոսութիւն է ու յաջողելու պարագային՝ անմահութիւն։

Մեր զաւակներուն տեղադրած այս ծաղիկները չե՛ն թափուիր։ Լուսաւոր մարդիկ զանոնք կը հաւաքեն, կը վերամշակեն ու անուշաբոյր մոմերու կը վերածեն…

Ինչպէս միշտ, ամէնուր սեւ-սեւ մութե՜ր պիտի ըլլան, հաւատալի այդ մոմերը պիտի վառին, դեռ պատմութիւններ պիտի գրուին, շա՜տ ծաղիկներ պիտի ծաղկին, պիտի տրուին, պիտի դրուին ու պիտի շարունակենք մենք…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024