ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ պետական սահմանի մօտաւորապէս 10-12 քիլօմեթրը արդէն կարելի է սահմանազատուած համարել։ «Սա կարեւոր կէտ մըն է եւ պատահական չէ, որ տարածաշրջանային եւ ոչ-տարածաշրջանային շատ երկիրներ յայտնած են իրենց աջակցութիւնը», ըսաւ ան ու շեշտեց, թէ Երեւանն ու Պաքուն շինիչ մօտեցում ցոյց տուած են այս հարցին նկատմամբ։
«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը շարունակուի այս գործընթացը։ Երկու կողմերն ալ կը հասկնան այս հարցին զգայնութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին։ Կը կարծեմ՝ եթէ ապագայ փուլերուն նոյն մօտեցումը կիրառուի, մենք կը կարողանանք աւելի յառաջ շարժիլ», ըսաւ Ալիեւ, որ համոզուած է, թէ սահմանը պէտք է յստակացնել հաւատարիմ մնալով սկզբունքներուն, սակայն սահմանին կան հատուածներ, որոնք խնդիրներ կը ստեղծեն երկու կողմերուն համար։ Այստեղ խօսքը ճանապարհներու, երբեմն անվտանգութեան խնդիրներու եւ իրարու տարածքի խորութեան տեսանելիութեան մասին է։ «Այսպէսով՝ հարցին պէտք է ստեղծագործաբար մօտենալ։ Մենք պէտք չէ յստակ գիծ մը բռնենք ու կոյր կատուի նման հետեւինք այդ մէկուն։ Ո՛չ, մենք հիմք կ՚ընդունինք այս սահմանագիծը, բայց պէտք է խելամիտ ըլլանք եւ պայմանաւորուինք այնպիսի սահմանի մը շուրջ, որ կ՚ըլլայ անվտանգ եւ յարմար երկու կողմերուն համար ալ», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։
Մինչ այդ, Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Խրղըզիստանի նախագահ Սատըր Ճափարովը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան։ Երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, նաեւ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Ատրպէյճանի եւ Խրղըզիստանի միջեւ այս առթիւ ստորագրուեցան՝ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ 18 փաստաթուղթեր։
Ատրպէյճան-Խրղըզիստան միջպետական խորհուրդի երկրորդ նիստէն վերջ Ալիեւ եւ Ճափարով սարքեցին նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։
Միւս կողմէ, Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովն ալ BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի։ «Ազգային օրէնսդրութեան, Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ պէտք է փոփոխութիւններ կատարուին, որովհետեւ անոնց ներկայիս գործող տարբերակին մէջ նշուած է, որ Ղարաբաղը Հայաստանի մաս է։ Սա Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին ներկայացուած տարածքային պահանջ մըն է», ըսաւ Սատըր Ամիրպեքով։ Միեւնոյն ժամանակ, ան եւս հաստատեց, որ Երեւանն ու Պաքուն այսօր աւելի քան երբեք մօտ են խաղաղութեան։