ՌԻԿԱ. ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՌԱՋ

Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու կար­ծի­քով՝ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը քայլ մը ա­ռաջ էր ԵՄ-ի եւ նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ճա­նա­պար­հին։ Ծա­նօթ է, որ ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին լուրջ վե­րի­վայ­րում­ներ ապ­րե­ցաւ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­րա­ջա­ցած լա­րուա­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Թէեւ ներ­կա­յիս բո­լոր խնդիր­նե­րը յաղ­թա­հա­րուած չեն, սա­կայն Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան պա­րա­գա­յին կան զար­գաց­ման մի­տում­ներ։ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն ա­ռաջ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ յայտ­նած է, թէ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը ընդ­լայն­ման մի­ջոց մը չէ ԵՄ-ի հա­մար եւ ուղ­ղուած չէ ո­րե­ւէ երկ­րի դէմ, նե­րա­ռեալ Ռու­սաս­տա­նը։ Մեր­քէլ Պուն­տես­տա­կի մէջ յայ­տա­րա­րած էր նաեւ, թէ «կամ-կամ» սկզբուն­քի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եր­կիր­նե­րուն առ­ջեւ դրուի­լը կը հա­մա­րուի ա­նըն­դու­նե­լի։ Մեր­քէ­լի այս խօս­քե­րուն զու­գա­հեռ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լավ­րովն ալ յայ­տա­րա­րած էր, թէ նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րած­քը մե­նաշ­նորհ մը չի հա­մա­ր-ւիր Մոս­կուա­յի կող­մէ։ Այս եր­կու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ ձե­ւա­ւո­րուած ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ար­դա­րա­ցան Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Chatham Houses հաս­տա­տու­թեան վեր­լու­ծա­բան Օ­րի­սիա Լու­ցե­ւիչ այս առ­թիւ ը­սաւ. «Եւ­րո­միու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շում ձե­ւա­ւո­րել՝ հա­ւաս­տե­լով, որ եր­կիր­նե­րը ի­րա­ւունք ու­նին ի­րենց ա­պա­գան ինք­նու­րոյն ո­րո­շե­լու»։ Եւ­րո­պա­յի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դի մաս­նա­գէտ­նե­րէն Քատ­րի Լինքն ալ հա­մո­զուած է, թէ Ուք­րայ­նոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւած Ռու­սաս­տա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նախ­կին խորհր­դա­յին միւս եր­կիր­նե­րը ստի­պած են ա­ւե­լի լուրջ վե­րա­բե­րուե­լու՝ ԵՄ-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հե­ռան­կա­րին նկատ­մամբ։ «Բո­լոր եր­կիր­նե­րը այժմ կը փոր­ձեն Եւ­րո­միու­թեան հետ հնա­րա­ւո­րինս շուտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տել՝ հա­կադ­րե­լով այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թեան։ Սա յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րի Եւ­րո­միու­թեան հետ թե­րի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու տէր Ատր­պէյ­ճա­նին եւ Սպի­տակ Ռու­սիոյ, ո­րոնք կը մտա­հո­գուին Ռու­սաս­տա­նի հա­ւա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն։ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրա­գի­րը, սա­կայն, ա­նոր մէջ ընդգր­կուած եր­կիր­նե­րուն հա­մար չի նա­խա­տե­սեր ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցու­թիւն։ Դուք կրնաք մուտք գոր­ծել շու­կայ, հաս­տա­տել ա­զատ տե­ղա­շար­ժուե­լու դրու­թիւն, սա­կայն չէք կրնար ԵՄ-ի ան­դամ դառ­նալ», ը­սաւ Լինք։

Շուէ­տի Վար­չա­պետ Սթե­ֆան Լիւվէ­նի մօ­տե­ցու­մով, ԵՄ կը փա­փա­քի զար­գաց­նել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րուն հետ, սա­կայն այդ եր­կիր­նե­րը պէտք է ի­րենց հեր­թին ո­րո­շեն, թէ ի՛նչ չա­փով կը փա­փա­քին խո­րաց­նել ԵՄ-ի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու ձեռ­նար­կեն հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու։

Ընդ­հա­նուր առ­մամբ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ըն­թա­ցաւ ներ­դաշ­նակ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ ալ լա­ւա­տես մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պատուի­րա­կու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի տե­սա­կէ­տէ բա­ւա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ռի­կա­յի մէջ, ուր հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման շրջա­նա­կին շուրջ։ ԵՄ-ի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թուսք յայտ­նեց, թէ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը հիմ­նուած է բո­լոր գոր­ծըն­կեր-պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած փոխ­շա­հա­ւէ­տու­թեան յանձ­նա­ռու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­զատ կամ­քի, ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան վրայ։ «Մենք բո­լորս վե­րա­հաս­տա­տե­ցինք մեր հա­մընդ­հա­նուր շա­հագրգ­ռու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար զար­գաց­նել սերտ եւ տար­բե­րա­կու­թան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ գոր­ծըն­կեր­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին հետ», ը­սաւ ան։

Տո­լանտ Թուսք մատ­նան­շեց նաեւ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի հիմ­նա­կան պատ­գամ­նե­րը, ըստ ո­րոնց Եւ­րո­միու­թիւ­նը հա­ւա­տա­րիմ է Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եր­կիր­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին հետ շա­րու­նա­կա­կան, հե­տե­ւո­ղա­կան եւ ա­մուր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն զար­գաց­նե­լու իր յանձ­նա­ռու­թեան, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար կա­րե­ւոր է ա­մուր եւ ա­ւե­լի թա­փան­ցիկ, կա­շա­ռա­կե­րու­թե­նէ զերծ կա­ռոյց­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, ինչ որ ա­ւե­լի պի­տի հզօ­րաց­նէ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եր­կիր­նե­րը։

Թուսք նաեւ շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րուած է մար­դոց ա­զատ տե­ղա­շարժ­ման ո­լոր­տէն ներս, իսկ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն հա­մար գե­րա­կա­յու­թիւն պի­տի ըլ­լայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթա­նու­մը ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան ո­լորտ­նե­րէն ներս։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015