Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱԶԻՒ 16-ՐԴ
Վիեննայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015» երգի համաեւրոպական մրցոյթը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ վաթսուներորդ անգամ եւ որուն մասնակցեցաւ նաեւ Աւստրալիան։ Ընդհանրապէս, այս երաժշտական տօնը հատեց իր եզրագիծը, իսկ այս տարուան դափներկիրը հանդիսացաւ Շուէտի ներկայացուցիչը՝ Մոնս Զելմերլեով։
Հայաստանը ներկայացնող «Genealogy» խումբը, որ ներկայացուց «Առերեսուիլ ստուերին» երգը, հազիւ կրցաւ զբաղեցնել 16-րդ կարգը։
Այս տարուան «Եւրոտեսիլ»ը կազմակերպուած էր «Կառուցելով կամուրջներ» կարգախօսով։ Այս նշանաբանը կը խորհրդանշէր Եւրոպան, որ կը միաւորէ բոլորը, կը համախմբէ մշակոյթներ, լեզուներ՝ կառուցելով կամուրջներ:
Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015