ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ յետմիջօրէին Կալաթասարայի պատմական նամակատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը։ Սա իսկապէս եզակի եւ յատկանշական ձեռնարկ մըն էր, որու ընթացքին ծանօթացուեցաւ՝ վերջերս «Արաս» հրատարակչութեան լոյս ընծայած «Pulun Kanadında İstanbul'dan Dünyaya» գիրքը։ Հաստափոր այս հատորը կ՚ընդգրկէ «Գամէր» նամականիշերու տան ամբողջ պատմութիւնը եւ անոր այժմու սեփականատիրոջ՝ Արման Արըքանի ընտանեկան ժառանգութիւնը կը ցոլացնէ՝ սերունդէ սերունդ ֆիլաթելիի հետամուտ ոդիսական մը։

Գիրքի շնորհանդէսը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Արման Արըքան ձեռնարկին մասնակցեցաւ իր ընտանիքի անդամներուն՝ Միրէյ Արըքանի, Քաթիա Արըքան-Թորուսի եւ Լարա Արըքան-Սիլահլըի հետ։ Բոլորն ալ, անշուշտ, արդար հպարտութիւն մը կ՚ապրէին այս փուլին՝ նկատի ունենալով, որ «Արաս»ի հրատարակած կոթողային գործը կը յաւերժացնէ Արըքան ընտանիքին մեծ ժառանգութիւնը այս բնագաւառէն ներս։ Բոլոր ներկաներուն համար հետաքրքրական էր հետեւիլ՝ Արման Արըքանի հետ կատարուած հարցազրոյցին, զոր վարեց Սեւենկիւլ Սէօնմէզ, որ գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է։ Ներկայացուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը, որ «Գամէր» դրոշմաթուղթերու տան պատմութիւնն ու գործունէութիւնը կը ցոլացնէր։ Հուսկ, PTT-ի կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ ի նշանաւորումն այս արժէքաւոր գիրքի շնորհանդէսի օրուան։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ ներկաները շրջայց մը կատարեցին նոյն առթիւ կազմակերպուած ցուցահանդէսի սրահին մէջ, նաեւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023