ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Այսօր Մոսկուայի մէջ ժամադրուած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ու տանտիրութեամբ։ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացէն ներս կարեւոր փուլ մըն է այս մէկը, որու ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբին որդեգրած քաղաքականութիւնը համազգային բողոքի ալիք մը յառաջացուցած է հայ իրականութենէն ներս։

Մոսկուայի այս օրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ կուտակուած են լուրջ հարցականներ եւ մտահոգութիւններ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ ամենակենսական ու ամենաէական խնդիրներու պարագային Երեւան եւ Պաքու տակաւին բաւական հեռու են համաձայնութեան գալէ։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ որեւէ բան որոշուած չէ, կան մտքեր ու գաղափարներ, որոնցմէ որեւէ մէկը մերժուած չէ։ «Մենք կը ջանանք այնպէս մը ընել, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ունենանք կալուածաթուղթ մը, որու անունն է պետութիւն՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Մենք կ՚ապրինք վայրի մը մէջ, որու կալուածաթուղթը չունինք։ Մենք կ՚ուզենք յաղթահարել տնուորի մեր կարգավիճակը։ Սեփականատէր կ՚ըլլանք ո՛չ թէ գործնականօրէն, այլեւ իրաւականօրէն»։

Մոսկուայի այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա հնարաւոր բոլոր միջոցները կ՚օգտագործէ իրավիճակը թէ՛ գետնի վրայ եւ թէ քաղաքական առումով հանգստացնելու համար։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը։ «Ռուսաստան միջնորդ է եւ մեզի համար կարեւոր է գիտնալ այս նիւթին շուրջ Հայաստանի յստակ դիրքորոշումը», յայտնեց Մարիա Զախարովա։

Յամենայնդէպս, այս օրուան եռակողմանի գագաթաժողովը կը մեկնաբանուի նաեւ Երեւան-Մոսկուա շարք մը տարակարծութիւններու համայնապատկերին վրայ։ Փաշինեանի կողմէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հասցէագրուած վերջին քննադատութիւնները պատճառ դարձան ռուսական կողմի քննադատութեան եւ հայկական կողմի արձագանգով ալ բանավէճը ստացաւ սուր բնոյթ։ Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան որոշեց չմասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու Մինսքի այս օրուան ժողովին՝ մինչ նոյնպէս այսօր Փաշինեան Մոսկուայի մէջ նոյն սեղանի շուրջ կը նստի Փութինի եւ Ալիեւի հետ։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Մոսկուայի այս օրուան բանակցութիւններուն։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլլըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը հաւատայ, թէ Երեւան-Պաքու վիճելի հարցերու կարգաւորումը հնարաւոր է։ Միեւնոյն ժամանակ բանբերը շեշտեց, որ ԱՄՆ կ՚աջակցի բանակցութիւններուն, կարեւորութիւն չ՚ընծայեր անոնց վայրին նկատմամբ՝ քանի կարեւոր է, որ կողմերը շարունակեն զրուցել իրարու հետ։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Փութին այսօր նախ առանձին հանդիպումներ կ՚ունենայ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ, իսկ աւելի վերջ կը սկսի եռակողմանի գագաթաժողովը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023