ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ նստացոյցով սկսած ու Բաղրամեանի վրայ ժողովրդային ցոյցով շարունակուող «Ո՛չ թալանին» խմբակին կողմէ նախաձեռնուած բողոքի շարժումը օրէ օր թափ կը ստանայ Հայաստանի մէջ։
Երէկ իրիկուն Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարարներու թիւը ակնյայտօրէն աճած էր։ Ոստիկանութեան պատասխանատուներէն Վալերի Օսիպեան ցոյցը ղեկավարողներուն փոխանցեց, որ հակառակ անոր, որ ըստ իրեն ժողովուրդի հաւաքը անօրինական է այդ վայրին մէջ, ոստիկանները միջամտել պիտի չփորձեն։
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնողները յայտարարեցին, որ ցոյցին միացած են Չարենցաւանէն ինքնաշարժներու թափօրով Երեւան հասած մարդիկ։ Ցոյցին միացած են նաեւ փոխադրակառքերով Երեւան հասած հրազդանցիներ։ Զօրակցական ցոյցեր եւ նստացոյցեր տեղի կ՚ունենան նաեւ Կիւմրիի, Սպիտակի, Վանաձորի, Աշտարակի եւ Սիսեանի մէջ։
Բաց աստի, ցուցարարները նախորդ գիշեր մերժած էին Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպելու առաջարկը։ Ան այժմ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւքսէլ։ Նստացոյցի նախաձեռնողներուն կարծիքով, իշխանութիւնները մէկ ճանապարհ ունին՝ չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան սակերու թանկացման որոշումը։
Նախորդ գիշեր ցոյցին միացած եւ ոստիկանութեան ու ցուցարարներու միջեւ մարդկային պատնէշի դեր ստանձնած են Ազգային ժողովէն պատգամաւորներ, արուեստագէտներ։
Ցուցարարները կը բաժնեն նաեւ թռուցիկներ, ուր կոչ կ՚ուղղուի քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք ամէն օր ժամը 21.00-22.00-ի միջեւ անջատեն իրենց բնակարաններուն բոլոր լոյսերը, ելեկտրականութեամբ աշխատող բոլոր համակարգերը։ Թռուցիկը, որ վերնագրուած է «Պայքարին միացիր տունէն», կը յորդորէ ժողովուրդին տնային կենցաղային իրերով պատշգամներէն մեծ աղմուկ ստեղծել՝ «շերեփով, զուռնա-դհոլով, սուլիչով, կաթսաներով»։ «Սա պիտի ըլլայ նշան մը, թէ բոլորը կը միանան այս պայքարին», գրուած է թռուցիկին վրայ։
Միւս կողմէ, լրագրողական եօթ կազմակերպութիւններ Հայաստանի նախագահէն կը պահանջեն հաշիւ տալ երկրի քաղաքացիներուն՝ ցուցարարներու ու լրագրողներու նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններու եւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Յայտարարութիւնը ստորագրած են երկրի յառաջատար լրագրողական միութիւնները, որոնց կարգին են Երեւանի Մամուլի ակումբը, Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն եւայլն։
Հաղորդագրութեամբ մը կատարուածները քննադատեց նաեւ «Հիւմըն ռայթ ուոչ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը։ «Եթէ նոյնիսկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցը արտօնուած չէր, սա չ՚արդարացներ առհասարակ խաղաղ ցուցարարներու եւ ձեռնարկը լուսաբանող լրագրողներու դէմ ֆիզիքական բռնութիւնները», յայտարարեց կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Կէորկի Կոկիա։
Խորհրդարանի Հայ ազգային գոնկրէս խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան նոյնպէս անդրադարձաւ Երեւանի կեդրոնին լրագրողներու նկատմամբ կիրառուած բռնութիւններուն։ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամպիոնէն ան յայտարարեց, թէ ոստիկանութիւնը դաժանօրէն յարձակած է ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներուն, ինչպէս նաեւ իրադարձութիւնները լուսաբանող լրագրողներուն վրայ։
Երեւանի զարգացումներուն վերաբերեալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան նաեւ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Տիմիթրի Փեսքով։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի օրէնսդրութեան սահմաններուն մէջ պիտի գտնուին բոլոր հարցումներուն պատասխանները։