ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ընդհանրացած բանաձեւում մըն է, որ մարդ հակուած է յիշել լաւը։ Իր յիշողութիւնը այնպէս մըն է, որ կը ճնշէ վատը։

Յամենայնդէպս, ըստ էութեան, յիշողութիւնը ամբողջ մը չէ՞։ Յիշողութիւնը որքան որ ալ ճնշէ, մարդուս ենթագիտակցութեան մէջ կարծես վատ դրուագները շատ աւելի գերակշիռ են՝ քան լաւերը։ Մարդ արարածը ինքզինք կը յղկէ՝ իր կամ ուրիշներու փորձովւթիւններու մեկնակէտով։

Տարբեր հարց, որ կեանքի ընդհանուր կշռոյթին մէջ արդարութիւնը միշտ յարաբերական է։ Կեանքը ոմանց պարագային ժլատ է փորձութիւններու տեսակէտէ, իսկ ոմանց պարագային հակառակը։ Ընթացիկ երեւոյթներէ անդին՝ կան մաժէօր փորձութիւններ, որոնց յանդիման ենթակային դիրքաւորումը կրնայ իմաստութեան համազօր դառնալ յաչս այլոց։

«Զաւկի մը կորուստին երբեք սուգ չի պահուիր։ Ես կ՚ապրիմ Առնոյի բացակայութեամբ։ Եւ կը ջանամ անոր համարձակութեան բարձրութեան վրայ ըլլալ», կ՚ըսէ Նիքոլ Պելթրամ։ Ֆրանսայի մէջ, 2018 թուականին ահաբեկչութեան զոհ գացած երիտասարդ սպայի մը մայրն է ան, որ հարցազրոյց մը տուած է «Լը Ֆիկարօ»ին։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024