ՃՈՐՃ ՆՈԼԻ ԱՅՑԸ

Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան՝ Պաղեստինի գործերու գծով բաժանմունքի ղեկավար Ճորճ Նոլ երէկ այցելեց Երկուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը աւարտելու վրայ է իր առաքելութեան ժամկէտը եւ այս առթիւ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հետ։

Հայոց վանքի աղբիւրները յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024