ԱՌՈՂՋԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գի եր­կա­րա­ժամ­կէտ (մին­չեւ 2036 թուա­կան) զար­գաց­ման ու­ղի­նե­րը» խո­րագ­րեալ ծրագ­րին շնոր­հան­դէ­սը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Երուանդ Զա­խա­րեան։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ընդգ­ծեց, թէ երկ­րին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած են ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րեալ շարք մը ա­ռար­կա­յա­կան խնդիր­ներ եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տա­կա­մօ­րէն մի­տուած է այդ բնա­գա­ւա­ռէն ներս նոր բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման եւ հա­մա­պա­տաս­խան ծրագ­րե­րու կեան­քի կոչ­ման։

Ըստ Աբ­րա­հա­մեա­նի, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ պատ­րաս­տած է մին­չեւ 2036 թուա­կա­նը ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գի ռազ­մա­վա­րա­կան զար­գաց­ման ծրա­գի­րը։ Այս վերջ­նոյն մէջ ընդգր­կուած են զա­նա­զան հզօ­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րը, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մարկ­ման հե­տա­մուտ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գա­ցու­մը, օգ­տա­գործ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը սպա­ռած ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման գի­ծե­րու, են­թա­կա­յան­նե­րու վե­րա­կա­ռու­ցու­մը, ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ե­լեկտ­րա­մա­տա­կա­րա­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւ­նա­ւո­րու­թիւ­նը բարձ­րաց­նող այլ մի­ջո­ցա­ռում­ներ։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան մատ­նան­շեց, որ դժբախ­տա­բար վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հա­մա­կար­գը կը գտնուի բարդ ելմ­տա­կան վի­ճա­կի մը մէջ, ինչ որ ու­նի շարք մը ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ։ Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մը, գնա­ճի ե­րե­ւոյթ­նե­րը, տա­րադ­րա­մա­յին փո­խար­ժէք­նե­րու վե­րի­վայ­րում­նե­րը, կլի­մա­յա­կան ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րը կրնան դա­սուիլ այն գոր­ծօն­նե­րուն շար­քին, ո­րոնք ելմ­տա­կան խնդիր­ներ կը յա­ռա­ջաց­նեն ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գէն ներս։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ հա­մա­կար­գի ելմ­տա­կան ա­ռու­մով ա­ռող­ջաց­ման ուղ­ղեալ շարք մը մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ո­րոնք կը նե­րառ­նեն նաեւ շու­կա­յի կա­ռու­ցուած­քի եւ սա­կա­գի­նե­րու մե­թո­տա­բա­նու­թեան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուի­լը։ Աբ­րա­հա­մեա­նի խօս­քե­րով, ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գը բա­րե­լաւ­ման, ներդ­րում­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան, սպա­ռող­նե­րուն մա­տու­ցուող ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­րա­կի բարձ­րաց­ման, ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի հա­շուար­ման հա­մա­կար­գի ար­դիա­կա­նաց­ման եւ կո­րուստ­նե­րու կրճատ­ման նպա­տա­կով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին սա­կա­գի­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման սկզբունք­նե­րը։ Դրու­թիւն­նե­րու ար­դիա­կա­նաց­ման եւ ի­րա­տես հա­շուարկ­նե­րու ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ յա­ռաջ կը տա­րուին աշ­խա­տանք­ներ։ Վար­չա­պե­տը յոյս յայտ­նեց, որ շու­տով այս բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը պի­տի ու­նե­նան ի­րենց դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը։

«Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կայ ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կը պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ զար­գաց­նել ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թը։ Այդ նպա­տա­կով մենք հայ­կա­կան ա­թո­մա­կա­յա­նի երկ­րորդ պլո­քի շա­հա­գործ­ման նա­խագ­ծա­յին ժամ­կէ­տը տա­սը տա­րիով եր­կա­րաձ­գե­լու մա­սին ո­րո­շում ըն­դու­նած ենք։ Այժմ այդ ուղ­ղու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք­ներ, ստո­րագ­րուած է անհ­րա­ժեշտ ելմ­տա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ վա­ւե­րա­ցուած է նաեւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կող­մէ», ը­սաւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին հա­ւա­նա­կան ներդ­րող­նե­րու հետ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր ա­թո­մա­կա­յա­նի մը կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015