ԺԻՊԷՅԼԻ ԹԻՒ 642 ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔԸ ԿԱՄ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ». Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԱՅՆՏԵՂ
Լիբանանեան արաբատառ մէկէ աւելի պարբերականներ վերջին օրերուն լիբանանեան ծովեզերեայ Ժիպէյլ (պատմականօրէն՝ Պիպլոս) շրջանին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» անունով յայտնի որբանոցին մասին նիւթեր հրապարակեցին: Թերթերէն իւրաքանչիւրը տարբեր շարադրանքներ ներկայացնելով կը խօսէր որբանոցի տարածքին մօտ գտնուող փոքր գերեզմանատան մը մասին, որուն մէջ եղող երեսուներեք հանգուցեալներու աճիւնները, ըստ կատարուած համաձայնութեան մը, պիտի հանուէին ու վերաթաղուէին նորակառոյց թանգարանին մօտ:
«Թռնոց բոյն»ը հիմնուած է 1922-ին, Լիբանանի հարաւը գտնուող Սայտա քաղաքին մէջ եւ ապա 1928-ին փոխադրուած՝ Ժիպէյլ: Որբանոցի հիմնադիրը կը համարուի դանիացի միսիոնարուհի ՝ Մարիա Ճէյքպսըն, որ մասնագիտութեամբ եղած է բժիշկ: Ան հայ որբերուն հանդէպ ցոյց տուած իր մեծ ծառայութիւններուն համար շահած է հազարաւոր որբերու սիրտը եւ կոչուած՝ Մամա: Ճէյքպսըն մահացած է 2 Ապրիլ 1960-ին եւ իր փափաքով թաղուած է որբանոցի շէնքին մօտ: Անոր կարգադրութեամբ տարբեր պատճառներով կանուխ մահացած որբերը, ինչպէս նաեւ որբանոցին մէջ որպէս պաշտօնեայ աշխատած մեծահասակներ թաղուած են որբանոցէն քիչ մը հեռու ծովեզերքին կից եղող գերեզմանատան մը մէջ, ուր թաղուած են երեսուներեք հանգուցեալներ:
Արաբական մամուլին մէջ երեւցած յօդուածները դժգոհութիւն ստեղծեցին: Մէկ կողմէ Անթիլիաս մտահոգութիւն կը յայտնէր, որ այս հրապարկումներուն ետին կային «մութ կողմեր», իսկ այլ շատ աւելի նօսր հատուած մը լռելեայն կ՚ընդդիմանար Անթիլիասի այս քայլին:
Որբանոցին մասին լուրերը կը տա-րածուէին շատ արագ: Բողոքի որոշ մթնոլորտի մը ձեւաւորումէն ետք Անթիլիաս կը ստիպուէր «Թռչնոց բոյն»ի յանձնախումբի ատենապետին բերնով որոշ պարզաբանումներ տալ խնդրի էութեան մասին: Սեդա Խըտըշեան, որ հարցազրոյցով մը (CILICIA.TV) հանդէս կու գար ու իր մտավախութիւնը կը յայտնէր, որ որոշ կողմեր կը փորձեն Ժիպէյլի մասին խօսելով առիթէն օգտուիլ եւ մեղմ ըսած «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»: Պատասխանատուն նաեւ կը հաւաստէր, որ յառաջ տարուող ծրագիրը կը վայելէ պատասխանատու բարձր մարմիններու ամբողջական նեցուկն ու հաւանութիւնը: Ըստ անոր, Անթիլիաս գերեզմանի հողատարածքը որոշ ժամանակով (ժամկէտները չեն նշուած) վարձակալութեան պիտի տար Ժիպէյլի անուանի ձեռներէցներէն մէկուն, որուն դիմաց ստացուած գումարներով պիտի հոգար որբանոցի մեծ ծախսերը: Տնտեսական սուր տագնապ ապրող Լիբանանի մէջ ինչպէս ազգային այլ կառոյցներ, այնպէս ալ «Թռչնոց բոյն»ը կանգնած էր լուրջ խնդիրներու առջեւ:
Ուրեմն ի՛նչ էր առաջարկուածը եւ ինչո՛ւ արաբական մամուլի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ «կը վազէին» այս խնդրին մասին գրելու:
«Թռչնոց բոյն»ի խնդիրը կը բարդանար մանաւանդ, որ Անթիլիասի մէջ կայացած միւռոնօրհնէքի ընդհանուր ֆոնին վրայ նման խնդրի մը յարուցումը կրնար ժխտական բիծեր ձգել կաթողիկոսարանի ընդհանուր պատկերին վրայ: Խնդրին մասին ստացուած լրատուութենէն օրեր ետք պարզ կը դառնար նաեւ, որ Ժիպէյլի փոքր գերեզմաննոցի պաշտպանութեան համար ստեղծուած էր համացանցային յատուկ էջ (էջի հասցէն՝ protecbirdsnestbyblos. wordpress.com), ուր նոյնպէս կը կատարուէր ստորագրահաւաք: Այս բողոքի գործունէութեան ետին կը կանգնէր Վարդան Աւագեան անունով բնիկ ժիպէյլցի երիտասարդ մը, որուն հօր մեծ-հայրը՝ Յակոբ Աւագեան թաղուած էր այդ գերեզմանատան մէջ: Մինչեւ արաբական մամուլին մէջ յօդուածներու լոյս ընծայումը՝ Աւագեան անձամբ (իր ըսելով) քանի մը առիթներով դիմած էր Անթիլիաս, պատասխանատուներէն հանդիպում խնդրելով ներկայացնելու համար Ժիպէյլի որոշ բնակիչներու փափաքը կապուած՝ իրենց հանգուցեալներու թաղման վայրէն չհանելու վերաբերեալ: Ան իրեն ուղղուած մեր հարցումին պատասխանելով կը պարզաբանէր, որ իրենք դէմ չեն շրջանին մէջ ստեղծուելիք կամ կառուցուելիք որեւէ ծրագրի, պայմանաւ որ «Թռչնոց բոյն»ի պատասխանատուները յարգեն իրենց հանգուցեալներու յիշատակը եւ չըպչին գերեզմանատան: Աւագեան կը հերքէր, բոլոր այն վարկածները, թէ իրենք որոշ մղումներով է, որ դէմ կը կանգնին կաթողիկոսարանի ծրագրին: Ան կ՚ըսէր. «Այդտեղ հանգչողները մեծ ողբերգութենէն ճողոպրած որբեր են եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով անոնց յիշատակը յարգելու»: Աւագեան, որ գեղանկարիչ է ու քաղաքաշինական ճարտարապետ, նաեւ կը բացատրէր, թէ իրենք պատրաստ են երկխօսութեան մէջ մտնել պատասխանատուներուն հետ՝ խնդրին բարւոք լուծումը ապահովելու համար:
Հարցի էութեան վերաբերեալ ամենէն տպաւորիչ խօսքը կը հնչեցնէր ամերիկահայ մտաւորական Տքթ. Կարօ Արմէնեան, որ Լոս Անճելըս հրապարկուող «Ասպարէզ»ին մէջ կը գրէր. «Եւ հոս է, որ կը դրուի մեծ հրամայականը: Մենք պիտի միանգամընդմիշտ որոշենք, որ մեր ազգային ժառանգութիւնը ենթակայ չէ սակարկութեան: Պիտի որոշենք, որ մեր հաւաքական կեանքին այդ մասը վերջնականօրէն անձեռնմխելի է եւ վեր՝ բոլոր ատեաններէն եւ իշխանութիւններէն: Մեր ազգային ժառանգութիւնը կը պատկանի մեր ժողովուրդի անցեալ, ներկայ եւ գալիք բոլոր սերունդներուն: Մեր միակ պարտականութիւնն է զայն ՊԱՀՊԱՆԵԼ անխաթար եւ ամբողջական եւ զայն մեծ նախանձախնդրութեամբ եւ որպէս աւանդ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Որբերու այս աննշան թուող գերեզմաննոցը մեր հաւաքական յիշողութեան կենդանի վկան է եւ պիտի պահպանուի որպէս այդպիսին»:
Թէեւ Պէյրութի տարբեր խաւերուն մօտ Անթիլիասի այս մօտեցումին դէմ եղողներ կան, սակայն անոնք կը շարունակեն լուռ մնալ: Ակներեւ է, որ գաղութի մամուլը, ինչպէս բազում այլ թեմաներու պարագային, այս անգամ եւս նախընտրած է լուռ մնալ ու բնաւ չխօսիլ խնդրի էութեան մասին: Տակաւին զարմանալի է, որ գաղութի խմբագիրներէն մին կարճ ակնարկ մը ստորագրելով իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէր իրականացուելիք ծրագրին մասին ու կը գրէր, որ բոլոր անոնք, որոնք այս նիւթին մասին Անթիլիասին դէմ կարծիքով հանդէս կու գան, կեղծաւորներ են: Խնդիրը այլ հարթութեան վրայ է այսօր: Ու վերջերս երբ որբանոցի յանձնախումբի պատասխանատու Սեդա Խըտշեան այս անգամ Պէյրութէն սփռուող «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանէն խօսելով կը յայտնէր, որ կաթողիկոսարանը այս հանգրուանին կը սառեցնէր գերեզմանէն հանգուցեալներու աճիւնները հանելու գործընթացը: Խըտշեան նաեւ կ՚ըսէր, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս անձամբ միջամտած է այս խնդրին առընթեր եւ սառեցուցած՝ աճիւններու տեղափոխումը այս հանգրուանին:
Երեւելի է, որ Անթիլիաս չէ հրաժարած ծրագրէն, սակայն ինչպէս Խըտշեան կ՚ըսէ անոր պատասխանատուները յարմար նկատած են ներկայ հանգրուանին չկատարել տեղափոխումը ու առիթ տալ խնդրի առընչութեամբ աւելի հանդարտ քննարկումներու: Խըտշեան բառացիօրէն կ՚ըսէր «Այս կացութեան դիմաց Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ լսելով այս բոլորը, թելադրեց խնամակալութեանս, որ Մամային շուրջի գերեզմաններու փոխադրութեան ծրագիրը առկախենք, պարզապէս որպէսզի մենք առիթ ունենանք աւելի լայն բացատրութիւն տալու մեր ժողովուրդին, աւելի հանդարտ մթնոլորտ ստեղծելու, որպէսզի հարցը աւելի լայն շրջագծի մէջ քննարկուի: Այս է, պարզ եւ յստակ»:
Ուրեմն ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն դուրս գալու համար աճիւններու տեղափոխումը առնուազն կը սառեցուէր, բայց ծրագիրը չէր ջնջուած:
Ըստ Վարդան Աւագեանի, սառեցման քայլը կարեւոր նոր հանգրուանի մը սկիզբը կրնայ ըլլալ: Յստակ չէ, որ յառաջիկայ օրերուն կողմերը կրնան լոյսերէ հեռու եւ անաղմուկ պայմաններու մէջ հանդիպիլ ու գլուխ գլխի քննարկել խնդիրը:
Յստակ է սակայն, որ Վարդան Աւագեան բոլոր հանգամանքները քննելէ ետք որոշած է մինչեւ վերջ երթալ: Տակաւին խօսակցութիւններ կան դատական գործընթացներու մասին:
Չմոռնանք, որ Լիբանան համայքային երկիր է եւ դատական որեւէ ատեան պիտի դժուարանայ նման հարցի մը մասին Անթիլիասի Կաթողիկոսական Աթոռին դէմ հանդէս գալ, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ ըմբռնումներու, եւ գերեզմանատան մէջ հանգուցեալ ունեցող իրաւատէրի հանգամանքով զինուած Աւագեան ու իր նմանները (եթէ կան) պիտի փորձեն դէմ կանգնիլ ծրագրին:
Քրիստոնէական արժէքներու հիմունքով եղած պարզաբանութեամբ մը նոյն Աւագեան կը յայտնէ, որ գերեզմանները, յուշակոթողները, հանգուցեալներու շիրիմները կարիք չունին բարեզարդման։
Գերեզմաններու փոխադրութեան դէմ կանգնողներու շարքերուն մէջ եղան ՀՅԴ «Զաւարեան ուսանողական միութեան» երիտասարդները, որոնք իրենց դիմատետերի էջին վրայ գրառելով կ՚ըսէին. «Փրկե՜նք որբերու գերեզմանները: Ո՛չ ըսենք զանոնք դէպի այլ վայր տեղափոխելու: Անոնց ուժն ու կարեւորութիւնը իրենց հարազատ վայրին մէ՛ջ է»:
Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ է, որ բացումը պիտի կատարուի Ժիպէյլի որբանոցի թանգարանին:
Կասկածէ վեր է, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս շինարար կաթողիկոս է ու այս խօսքի իրաւացիութեան համար պէտք է աչքի պարզ հայեացք մը նետելով տեսնել Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին, Պիքֆայայի Դպրեվանքին եւ այլ պատմադրոշմ կառոյցներու այսօրուան ծաղկուն իրավիճակը:
Մտահոգութիւնը այս օրակարգին կապակցութեամբ մեռելներու յիշատակը յարգելն է:
Մեռելները հանգիստ ձգելն է:
«Թռչնոց բոյն» որբանոցը կանգուն պահելու համար կաթողիկոսարանի հարիւրաւոր բարերարներ պատրաստ պիտի ըլլան իրենց լուման տալու, եթէ այդ կառոյցին համար յատուկ ֆոնտ մը ստեղծուի:
«Թռչնոց բոյն»ը գաղթական դարձած արեւմտահայոց ոգեղէն կառոյցներէն է:
Այսօր այդ կառոյցը ունեցաւ թանգարան:
Իսկ պատմական Ժիպէյլ քաղաքի ջուրերուն մօտ հանգչող մեռելները մեր ժողովուրդի յարութեան կարեւոր նշխարներէն են:
Չխանգարենք անոնց քունը: Պահպանեք անոնց շիրիմները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան