ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 55-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ

Տըպ­պա­յէի, Պէյրութ, «Լա Մա­րի­նա­»ին մէջ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան վկա­յա­բաշխ­ման հան­դի­սա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, որ կը զու­գա­դի­պէր հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կին, ո­րուն ըն­թաց­քին 227 ու­սա­նող­ներ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը՝ դառ­նա­լով հայ­կա­կան սփիւռ­քի միակ բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թեան 55-րդ հունձ­քի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:

Ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար ներ­կա­նե­րու ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն եւ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ներ­քեւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին հետ միա­սին  ուղ­ղուե­ցան բեմ, որ­մէ ետք հնչեց Լի­բա­նա­նի քայ­լեր­գը, ո­րուն յա­ջոր­դեց հա­մալ­սա­րա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Վերապատուելի Ո­ւիլ­պըրթ Վան Սա­նի ա­ղօթ­քի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը:

Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քը ա­րա­բե­րէ­նով, հա­յե­րէ­նով եւ անգ­լե­րէ­նով ար­տա­սա­նեց Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Վերապատուելի Փոլ Հայ­տոս­թեան, որ շրջա­նա­ւարտ­ներն ու ա­նոնց ծնող­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լէ ետք, անդ­րա­դար­ձաւ Հայ­-կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի վաթսուն տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան: Ան հաս­տա­տեց, որ ի­րենք կո­չուած են ա­մե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ, բարձ­րո­րակ պատ­րաս­տու­թեամբ, հա­յա­կերտ ա­զա­տու­թեամբ եւ ժա­մա­նա­կա­կից հմտու­թեամբ պատ­րաս­տե­լու սե­րունդ­ներ՝ ըլ­լա­լու հա­մար սուղ գի­նով յա­րու­թիւն ա­ռած ժո­ղո­վուր­դի մը ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­նե­րը:

Ըստ Հայ­տոս­թեա­նի, հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րե­րու փոր­ձը ցոյց կու տայ, որ ա­պա­գան կրնայ ըլ­լալ պայ­ծառ, ե­թէ ջան­քի, տե­սիլ­քի, հա­ւատ­քի եւ անձ­նա­զո­հու­թեան ջա­հը կա­րե­նանք փո­խան­ցել յա­ջորդ սե­րուն­դներուն: «Հա­յը պէտք է ճանչ­նայ իր ա­ւան­դը եւ գործ­նա­պէս յար­գէ իր նա­հա­տակ­նե­րու կտա­կը: Այ­սօր Հայ­կա­զեա­նը կը վե­րա­նո­րո­գէ այդ ուխ­տը կրթա­կան լոյ­սով», ը­սաւ Հայ­տոս­թեան՝ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն մաղ­թե­լով բա­րի երթ դէ­պի փայ­լուն ա­պա­գայ:

Փոլ Հայ­տոս­թեան հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց օ­րուան բա­նա­խօս Փաթ­րիս Ժի­լի­պէրը, որ ՄԱԿ-ի «Բռնու­թեան դէմ պայ­քար»ի յանձ­նա­խում­բի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղարն է: Ա­պա բեմ բարձ­րա­ցաւ Ժի­լի­պէր փո­խան­ցե­լու հա­մար օրուան պատ­գա­մը: Ժի­լի­պէր նախ եւ ա­ռաջ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­ներ յայտ­նեց Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին, որ զինք հրա­ւի­րած էր օ­րուան եր­կու խորհր­դան­շա­կան ա­ռիթ­նե­րուն՝  60-ամեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան եւ վկա­յա­կա­ններու բաշխ­ման: Ան բա­ցատ­րեց  ուս­ման ի­մաս­տը՝ ընդգ­ծե­լով, որ այդ մէ­կը իւ­րա­քան­չիւ­րին մարդ­կա­յին միտ­քի սրու­մի կող­քին, նաեւ մարդ­կա­յին հո­գիի զար­գա­ցումն է: Ժի­լի­պէր ընդգ­ծեց մարդ­-կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հիմ­նա­կան եր­կու պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք են գի­տու­թիւնն ու ա­զա­տու­թիւ­նը, եւ խօ­սե­ցաւ ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին: Ա­նոնք մարդ ա­րա­րա­ծը կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն դէ­պի պայ­ծառ մի­ջա­վայ­րի ստեղ­ծում՝ յար­գան­քի եւ մարդ­կա­յին խիղ­ճի վրայ հիմ­նուած:

Ան մէջբերեց Շարլ Մա­լէքի խօս­քե­րը եւ հաս­տա­տեց, որ Հայ­կա­զեան հա­մալսա­րա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ այն ա­ռաջ­նոր­դու­թեան ո­գին, որ միշտ ալ կը ձգտի մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան: Ան իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց շնոր­հա­ւո­րե­լով շրջա­նա­ւարտ­նե­րը՝ մաղ­թե­լով, որ փայ­լին ի­րենց ու­նե­ցած թէ՛ վկա­յա­կա­նով, թէ՛ ալ մարդ­կա­յին նկա­րա­գրով:

Ու­սու­ցիչ, փաս­տա­բան եւ ե­լեւմ­տա­գէտ Սա­միր Համ­մուտ, որ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը ա­ւար­տած է 1978-ին, եւ այժմ Լի­բա­նա­նի դրա­մա­տու­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան յանձ­նա­խում­բին նա­խա­գահն է, բեմ հրա­ւի­րուե­ցաւ փո­խան­ցե­լու հա­մար իր սրտի խօս­քը: Ան իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին, որ յա­տուկ ներդ­րում ու­նե­ցած է իր ուս­ման եւ գոր­ծի յա­ջո­ղու­թեան մէջ: Համ­մուտ մեկ­նե­լով իր անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թե­նէն՝ ը­սաւ, թէ կեան­քը հա­մալ­սա­րա­նի նման չէ, ո­րով­հե­տեւ կեան­քի մէջ յա­ռաջ կու գան քննու­թիւն­նե­ր, ա­պա դա­սե­ր, ո­րոնք կա­րե­լի է քա­ղել անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէ: Ան խօս­քը ուղ­ղե­լով շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն՝ շեշ­տեց, որ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նէն ի­րենց ստա­ցած վկա­յա­կա­նը ան­ցա­գիր է, ո­րուն մի­ջո­ցով կրնանթռչիլ աշ­խար­հին բո­լոր կող­մե­րը՝ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ի­րենց ե­րազ­նե­րը:

Ա­պա Լի­բա­նա­նի Կրթու­թեան եւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման նա­խա­րար Է­լիաս Պու Սաապ խօսք ա­ռաւ՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով եւ  բարձր գնա­հա­տե­լով Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը, որ 55 տա­րի­ներ ա­ռաջ ու­նէր միայն եր­կու շրջա­նա­ւարտ­ներ, սա­կայն հա­մալ­սա­րա­նը հա­ւա­տա­լով իր սուրբ աշ­խա­տան­քին, այ­սօր, 60-ա­մեա­կը բո­լո­րե­լէ ետք, ար­դէն ու­նի հա­զա­րա­ւոր շրջա­նա­ւարտ­ներ աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րուն մէջ: Ան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի նշա­նա­բան­նե­րը, ո­րոնք են՝ ճշմար­տու­թիւ­նը, ա­զա­տու­թիւնն ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը: Պու Սաապ անդ­րա­դառ­նա­լով 100-ա­մեա­կին յայտ­նեց, թէ 24 Ապ­րի­լին Լի­բա­նա­նի վար­ժա­րան­նե­րը փակ յայ­տա­րա­րուե­ցան, ո­րով­հե­տեւ ան հա­մո­զուած էր, որ այդ­պի­սի ո­րո­շում մը կրնայ իր դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­նալ Եղեռնի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը նշե­լու ի­մաս­տով: Նա­խա­րա­րը իր խօս­քին մէջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն պա­տուի­րեց, որ շա­րու­նա­կեն ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը ճշմար­տու­թեամբ՝ ա­զա­տու­թեամբ եւ ծա­ռա­յու­թեամբ հիմ­նե­լու հա­մար ըն­դու­նակ մի­ջա­վայր:

Հան­դի­սու­թեան իր յա­տուկ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ հե­ռա­կա­պով շնոր­հա­ւո­րեց շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ի­րենց վկա­յուե­լուն, իսկ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը իր հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կին ա­ռի­թով:

Ա­պա Վերապատուելի Փոլ Հայ­տոս­թեան  Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի յո­բե­լենա­կան մե­տայլ­ներ նուի­րեց Փաթ­րիս Ժիլ­պէ­րին, Սա­միր Համ­մու­տին եւ նա­խա­րար Է­լիաս Պու Սաա­պին, որ­մէ ետք Տքթ. Ֆա­տի Աս­րաուի եւ Տքթ. Ար­տա Էք­մէք­ճի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հեր­թա­բար հրա­ւի­րե­ցին՝ ստա­նա­լու հա­մար ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը Տքթ. Փոլ Հայ­տոս­թեա­նի ձե­ռամբ:

Իսկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­նու­նով խօսք ա­ռին Ար­փա Այն­թապ­լեան եւ Սա­րա Հա­թում: Այն­թապ­լեան յայ­տա­րա­րեց, որ ի­րեն եւ իր ըն­կեր­նե­րուն հա­մար այս օ­րը պի­տի ըլ­լայ ի­րենց ճա­նա­պար­հի բար­գա­ւա­ճու­մի, յա­րա­տե­ւե­լու եւ յա­ջո­ղու­թեան սկիզ­բը: Ան ինք­զինք բախ­տա­ւոր նկա­տեց, որ օժ­տուած է Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի ար­ժա­նիք­նե­րով, մինչ, Հա­թում՝ իբ­րեւ ու­սում­նա­թո­շա­կի նա­խա­գի­ծի հե­տե­ւող ու­սա­նող, իր խօս­քին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին բար­գա­ւաճ­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան, որ հո­վա­նա­ւո­րած էր իր ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջան­նե­րը Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:

Այս յա­տուկ հան­դի­սու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գա­րա­կէօ­զեա­նի ա­ղօթ­քով, ա­պա հա­մալ­սա­րա­նի քայ­լեր­գով, ո­րոնց­մէ ան­մի­ջա­պէս ետք ծա­փե­րու տա­րա­փին եւ հրա­վա­ռու­թեան ներ­քեւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ի­րենց հաս­տա­տուն շար­քե­րով եւ ա­մուր քայ­լե­րով ուղ­ղուե­ցան ի­րենց կեան­քի յա­ջորդ հանգ­րուա­նին:

Բաց աստի, Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կա­տա­րուե­ցաւ «շնոր­հա­կա­լու­թեան» ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Աս­տու­ծոյ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ի­րենց ու­նե­ցած ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տակ­նե­րուն հա­մար եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մա­վա­ռու­թիւն:

Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադր­ման 60-ամ­եա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ, Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէն եւ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Իշ­խան Զա­քարեա­նի, եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դես­պան Ա­շոտ Քո­չա­րեա­նի այ­ցե­լած էին հա­մալ­սա­րա­ն:

Իշ­խան Զա­քա­րեա­ն, պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­ներ՝ Հայաստանի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Ա­շոտ Մել­քո­նեան, Հայաստանի Հան­րա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ, պատ­մա­բան Է­դիկ Մի­նա­սեա­ն, «Ան­դին» հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան ամ­սագ­րի գլխա­ւոր խմբա­գիր Մե­րու­ժան Տէր-Գու­լա­նեա­ն ի­րենց ջերմ շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը յղե­ցին Փոլ Հայ­տոս­թեա­նին։ Հան­դի­պման ներ­կայ ե­ղան նաեւ հա­մալ­սա­րա­նի վար­չա­կան եւ ման­կա­վար­ժա­կան անձ­նա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը: 

Այս առթիւ Ա­շոտ Քո­չա­րեա­ն բարձր գնա­հա­տեց Հայ­կա­զեա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ուղ­ղուած հա­յա­պահ­պա­նու­թեան եւ հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մին, Հա­յա­կա­զեա­նի սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու, կրթա­կան եւ մ­շա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, Լի­բա­նա­նի մօտ Հայաստանի դես­պա­նու­թեան հետ: Այ­նու­հետեւ դես­պա­նը հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գա­հին փո­խան­ցեց Հայաստանի Կր­թու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեա­նի եւ Հայաստանի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­նե­րը, Հայ­կազ­եա­նի հիմ­նադր­ման 60-ամ­եա­կին ա­ռի­թով:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015