ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերով փոխ-նախարարի օգնական Էրիք Ռապին յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը բացառէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռազմական լուծումը։ Ըստ իրեն, հիմնախնդիրը երբեք չ՚ունենար ռազմական լուծում մը։ Ուաշինկթընի «BROOKINGS» հաստատութեան մօտ տեղի ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան ըսաւ, թէ իր երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար, խաղաղ, տեւական ու բոլոր կողմերու համար շահաւէտ կարգաւորման վրայ։ Ըստ իրեն, յաջողութեան հասնելու համար պէտք է գերակայէ այս մօտեցումը։ «Գոյութիւն չունի աւելի լաւ լուծում մը, մնացեալները այնքան սարսափելի են, որ նոյնիսկ չ՚արժեր զանոնք դիտարկել։ Չկայ ու երբեք պիտի չըլլայ ռազմական լուծում մը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին համար», ըսաւ Էրիք Ռապին։
Նոյն ելոյթին ընթացքին ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծեց, թէ ժամանակն է, որպէսզի կողմերը վերահաստատեն յառաջընթացի հասնելու համար իրենց պատրաստակամութիւնը ու նուիրուածութիւնը։ Ան չմանրամասնեց, որ սա արդեօք պէտք է ըլլայ կողմերու յայտարարութեա՞մբ, թէ նախագահներու հերթական հանդիպման ձեւով։ Այդուհանդերձ, յառաջընթացին նկատմամբ նուիրուածութեան վերահաստատումը ան նկատեց անհրաժեշտ։ «Սա դիւրին չէ եւ այդ կարգաւորման հասնելու համար երկու կողմն ալ պէտք է որոշ ընտրութիւն մը կատարէ, սա երկու կողմերուն համար ալ բարդ է եւ այս իսկ պատճառով տակաւին չենք հասած կարգաւորման», աւելցուց Ռապին։
Յամենայնդէպս, ԱՄՆ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրները պատրաստ են հնարաւոր ամէն ինչ ընելու՝ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը աւելցուց նաեւ, որ հակամարտ կողմերը պէտք է ձեռնպահ մնան բռնութիւններէ։ «Մեր կարծիքով, չափազանց կարեւոր է, որպէսզի կողմերը ամէն ձեւով զերծ մնան իրավիճակը սրելէ, այսպէսով, դէպքերէ խուսափիլը վճռական հարց մըն է», համոզուած է Ռապին։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Էրիք Ռապին աւելցուց, թէ ամերիկեան կողմը Հարաւային Կովկասը կը դիտարկէ որպէս առեւտուրի եւ հաղորդակցութիւններու ապագայ կեդրոն։ Ուաշինկթըն պատրաստ է աջակցիլ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու զարգացման եւ տնտեսական կապերու զարգացման, ծրագրին մէջ բոլոր երկիրներու ներգրաւման պայմանով։ «Հարաւային Կովկասի մէջ այդ տեսլականի իրականացման համար անշուշտ անհրաժեշտ է, որպէսզի մասնակցին տարածքաշրջանի երեք երկիրները։ Ռապինի խօսքերով, տարածքաշրջանէ ներս առկայ իրավիճակը հեռու է բնականոն ըլլալէ եւ կարիք ունի խորքային բարելաւման։ «Տարածքաշրջանէ ներս կարգավիճակը անընդունելի է ու ոչ բնականաբար ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, այնպէս ալ, կը կարծեմ, Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու իշխանութիւններուն ու ժողովուրդներուն համար», մատնանշեց ամերիկացի դիւանագէտը, որ որպէս վերջին տարիներու լուրջ ձեռքբերում մատնանշեց Եւրոմիութեան կողմէ տարածքաշրջանէ ներս համաձայնեցուած քաղաքականութեան իրականացումը, ինչ որ թոյլ կու տայ հասնելու աւելի մեծ արդիւնքներու։
«BROOKINGS» հաստատութեան մասնագէտներէն Ֆիոնա Հիլզն ալ յայտնեց, թէ տարածքաշրջանային համագործակցութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է ամրապնդել ոչ թէ պաշտօնական յարաբերութիւնները, որոնք տարածքաշրջանէ ներս որոշ կողմերու միջեւ կը բացակային կամ սառեցուած են, այլ անպաշտօն՝ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը։ Վերլուծաբանին կարծիքով, տարածքաշրջանի ժողովուրդները պատրաստ են համագործակցելու, ի տարբերութիւն իշխանութիւններուն։ «Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն մէջ մեր հանդիպումներուն ընթացքին մենք լսեցինք, որ տարածքաշրջանի երկիրներու ժողովուրդները, քաղաքական գործիչներն ու գործարարները կը փափաքին այլընտրանքներ ունենալ։ «Անոնք չեն փափաքիր զարգացման միայն մէկ տարբերակի մը գերի դառնալ, այլ կը փորձեն օգտագործել աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր հնարաւորութիւնները», ըսաւ Հիլզ։