ՍԱ ՍԿԻԶԲՆ ԷՐ

Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ լայ­նա­ծա­ւալ պայ­քա­րը այս օ­րե­րուն կը բնո­րո­շէ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­դի­մադ­րե­լի հա­րուած­ներ հասց­նել «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ), ՓՔՔ եւ այլ շարք մը ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Երկ­րէն ներս ալ անըտան­գու­թեան ու­ժե­րը ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն ա­նոնց ոչն­չաց­ման հա­մար։

Վար­չա­պե­տա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ոչն­չա­ցու­ցած են Ի­ՇԻՊ-ի բո­լոր թի­րախ­նե­րը։ Մա­նա­ւանդ, սպան­նուած են այն հինգ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը, ո­րոնք օր մը ա­ռաջ նա­հա­տա­կած էին բա­նա­կի են­թաս­պա­նե­րէն մին։ Սու­րիոյ սահ­մա­նա­մերձ տա­րածք­նե­րէն ներս Ի­ՇԻՊ-ին հաս­ցուած հա­րուած­նե­րուն զու­գա­հեռ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին նաեւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին ՓՔՔ­-ի հինգ տար­բեր ճամ­բար­նե­րը։

Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ը­սաւ, թէ վեր­ջին շրջա­նին ա­մէն ինչ այ­լեւս հու­նէ դուրս ե­կած էր եւ Սու­րիոյ խմո­րում­նե­րը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած էին՝ ա­ւե­լի տար­բեր քայլ մը առ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Այս քայ­լը առ­նուե­ցաւ Թուր­քիոյ զգայ­նու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, ներ­կայ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը միայն սկիզբ մը կը հա­մա­րուին ու պի­տի շա­րու­-նակուին վճռա­կա­մու­թեամբ։ «Ա-­հա­բեկ­չու­թեան դէմ շատ տար­բեր պայ­քա­րի մը ձեռ­նար­կած կը գտնուինք», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ընդգ­ծեց, որ անհ­րա­ժեշտ ա­մէն ինչ պի­տի կա­տա­րուի։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան հայ­րե­նա­կից­նե­րուն յանձ­նա­րա­րեց հա­ւա­տալ ու վստա­հիլ պե­տու­թեան։ «Մենք մեր նա­հա­տակ­նե­րով փո­խար­ժէք մը կը վճա­րենք, սա­կայն փո­խար­ժէք պի­տի վճա­րեն նաեւ ա­նոնք, ո­րոնք ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ա­ռած են ի­րենց թի­կուն­քին», ը­սաւ ան։

Իր կար­գին, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա պար­տա­ւոր է ամ­րապն­դե­լու իր իսկ անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Ի­ՇԻՊ-ի սպառ­նա­լիք բա­ցա­յայ­տօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ է։ Ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը հա­սած է իր նպա­տա­կին եւ սա գոր­ծըն­թաց մըն է, իսկ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կուած չեն միայն մէկ շրջա­նով։ «Ո­րե­ւէ պա­տե­րազ­մի մը տար­րը չենք», նշեց Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, որ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ հա­րուած­նե­րը հաս-ցըւած են ա­ռանց սահ­մա­նը անց­նե­լու, բայց եւ այն­պէս անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին սահ­մանն ալ պի­տի անց­նէր բա­նա­կը։ Ան ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ ո­րե­ւէ ձե­ւով այս բո­լո­րին կա­պակ­ցու­թեամբ Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թեան տե­ղե­կու­թեան մը փո­խան­ցուի­լը։

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ստեղ­ծուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան եր­կիր­նե­րու ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րուն եւ օ­դա­նաւ­նե­րուն հա­մար հա­ւա­նու­թիւն տրուած է՝ որ­պէս­զի տե­ղա­կա­յուին Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ներս գտնուող ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րուն մօտ։ Թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րու տար­րերն ալ պաշ­տօ­նի պի­տի կո­չուին նոյն նպա­տա­կով։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015