ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԷՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԻՆ ՍԻՍԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԸ, ՈՒՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՂՕԹՔ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ Կիլիկեան Աթոռէն խումբ մը միաբաններ անցեալ շաբաթավերջին այցելեցին Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքը։ Անթիլիասի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Շաբաթ, Օգոստոսի 22-ին տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին հոգեհանգստեան աղօթք մը կատարուեցաւ 1293 թուականէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած կաթողիկոսներուն հոգւոցն ի հանգիստ։ Նոյն առթիւ ընթերցուեցաւ նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը։
Սիս այցելած միաբաններն էին՝ Կիպրահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Անթիլիասի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Անթիլիասի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին բնագիրը եւ միաբաններու այցելութեան տեսերիզը պիտի հրապարակուին յառաջիկայ օրերուն։ Սոյն այցելութեան վերաբերեալ հաղորդագրութեան մէջ մէջբերուած է Կաթողիկոսի պատգամին հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»։
Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. Կաթողիկոս դատ բացած է Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով։