ՀՈՐԻԶՈՆԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱԾ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իս­մէտ Եըլ­մա­զի հետ խորհր­դակ­ցե­լով ո­րո­շեց խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­նո­րո­գուի­լը։ Պաշ­տօ­նա­թեր­թի հեր­թա­կան հա­մա­րին մէջ Րէճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղա­նի այս ո­րո­շու­մը ար­դէն հրա­պա­րա­կուե­ցաւ ու պաշ­տօ­նա­պէս դար­ձաւ ի զօ­րու։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը այ­սօր ալ կը մէկ­տե­ղուի Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ՝ որ­պէս­զի ա­նոր յանձ­նէ նա­խընտ­րա­կան շրջա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Այս կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար կը նա­խա­տե­սուի հինգ օ­րուան ժամ­կէտ մը։

Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Իս­մէտ Եըլ­մա­զի հետ։ Դռնփակ այս հան­դի­պու­մը տեւեց 4 ժամ 20 վայր­կեան։ Յու­նիս 7-ին տե­ղի ու­նե­ցած 25-րդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, սահ­մա­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած ըն­թա­ցա­կար­գով կա­րե­լի չէ ե­ղած ձե­ւա­ւո­րել նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ սահ­մա­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով, 104-րդ եւ 116-րդ յօ­դուած­նե­րուն հի­ման վրայ Էր­տո­ղան օգ­տա­գոր­ծեց ի­րեն վե­րա­հա­պուած լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը։ Իս­մէտ Եըլ­մա­զի հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լէ վերջ Էր­տո­ղան ո­րո­շում կա­յա­ցուց, որ­պէս­զի նոր ընտ­րու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­նայ երկ­րին մէջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­թեան մամ­լոյ կեդ­րո­նին կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ առ­կայ պայ­ման­նե­րով յայտ­նի դար­ձած է, որ ան­կա­րե­լի է ձե­ւա­ւո­րել նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը։ Հե­տե­ւա­բար անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ստեղ­ծուած է ընտ­րու­թիւն­նե­րու կրկնու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Այս բո­լո­րը ար­դէն ան­կան­խա­տե­սե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ չեն նկա­տուիր։ Եր­կար շա­բաթ­նե­րէ ի վեր ար­դէն ակն­յայտ էր, որ եր­կի­րը կ՚ըն­թա­նայ դէ­պի նոր ընտ­րու­թիւն մը։ Այս հանգ­րուա­նին հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է նոր ստեղ­ծուե­լիք ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին վրայ։ Ծա­նօթ է, որ խորհր­դա­րա­նէ ներս ներ­կա­յա­ցուած բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ի­րենց ա­թոռ­նե­րու թի­ւին հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ՝ ի­րա­ւունք ու­նին նա­խա­րար տա­լու կա­ռա­վա­րու­թեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ՃՀՓ եւ ՄՀՓ կողմ­նա­կից չեն ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մե­լու, Տա­վու­տօղ­լու հե­տա­մուտ է լուծ­ման եզր մը գտնե­լու այս դժուա­րու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լէն զա­նա­զան թեր­թեր կը գրեն, որ վար­չա­պե­տը կը ծրագ­րէ խորհր­դա­րա­նէ դուրս ա­նուն­նե­րով լայ­նա­խա­րիսխ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րել եւ կամ ընդ­դի­մա­դիր եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ ՃՀՓ­-ին եւ ՄՀՓ­-ին վի­ճա­կե­լիք նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն գլու­խը բե­րել այդ կա­ռոյց­նե­րուն խորհր­դա­կան­նե­րը։ Ե­թէ ՃՀՓ եւ ՄՀՓ մեր­ժեն այս կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մե­լը, ա­պա Ահմէտ Տա­վու­տօղ­լու մտա­դիր է ա­ռա­ջարկ տա­նե­լու այն­պի­սի ա­նուն­նե­րու, ո­րոնք հան­րա­յին կար­ծի­քին կող­մէ այդ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մօտ կը նկա­տուին։

Ստեղ­ծուե­լիք ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի գոր­ծէ մին­չեւ նոր խորհր­դա­րա­նի ընտ­րուիլն ու գու­մա­րուի­լը։ Նա­խա­րար­նե­րը ընտ­րե­լու ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը վե­րա­պա­հուած է վար­չա­պե­տին։ Այս վեր­ջի­նը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն ա­ռան­ձինն կրնայ ճշդել նա­խա­րար­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, որ ու­նի Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը վա­ւե­րաց­նե­լու լիա­զօ­րու­թիւ­նը, կրնայ իր հաս­տատ­ման ներ­կա­յա­ցուած նա­խա­րար­նե­րը մեր­ժել։ Ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան պա­րա­գա­յին խորհր­դա­րա­նին կող­մէ վստա­հու­թեան քուէ ստա­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015