ՄՇՏԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն հե­տեւան­քով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը մշտա­կան բնոյթ ստա­ցած է եր­կար ժա­մա­նակէ ի վեր։ Այդ բա­խում­նե­րուն կ՚ուղ­ղոր­դուին նաեւ ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն­ներ։

Ե­րէկ հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցուցին, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կուած են Ար­ցա­խի բա­խում­նե­րը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու շփման գծին վրայ Ատր­պէյ­ճան զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­նե­րով շա­րու­նա­կած է խտա­ցեալ ձե­ւով խախ­տել հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նախա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն աշ­խու­ժու­թիւ­նը ճնշե­լու նպա­տա­կով Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յառա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը դի­մած են պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։ Ար­ցախի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կուած տուեալ­նե­րով, ըստ հա­ւաս­տի աղ­բիւր­նե­րու, տե­ղի ու­նե­ցած փոխա­դարձ հրաձ­գու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կէն զո­հուած է առ­նուազն չորս զի­նուոր։ Կան ա­ւե­լի քան տասնհինգ վի­րա­ւո­րեալ­ներ։ Ար­ցա­խի պաշտպա­նու­թեան բա­նա­կի դիր­քա­պահ անձ­նա­կազ­մը կը շա­րու­նա­կէ ա­չալր­ջօ­րէն վե­րահս­կել ամ­բողջ ա­ռաջ­նա­գի­ծը եւ վստա­հօ­րէն կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ իր առ­ջեւ դրուած մար­տա­կան խնդիր­նե­րը։

Ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Պա­քուի պաշտօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը պնդե­ցին, որ հայ­կա­կան կող­մը վե­րո­յի­շեալ դէպ­քե­րուն ըն­թաց­քին ու­նե­ցած է հինգ զոհ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ան­մի­ջա­պէս հեր­քե­ցին այդ տուեալ­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան յայտ­նեց, թէ հայ­կա­կան կող­մը զո­հեր չու­նի եւ այդ պնդում­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի հեր­թա­կան ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը կը հա­մա­րուին։

Հարկ է նշել, որ թրքա­կան մա­մու­լէն զա­նազան թեր­թեր ալ այ­սօր ար­ձա­գանգ հան­դի­սացած են Ատր­պէյ­ճա­նի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ յա­ռաջ քշուած վե­րո­յի­շեալ պնդում­նե­րուն, ըստ ո­րոնց հայ­կա­կան կող­մը ու­նի հինգ զոհ։ Տե­ղա­կան թեր­թե­րը նշած են, թէ Ակ­տա­մի եւ Հո­ճա­պեն­տի շրջա­նին մէջ պա­տա­հած բախում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ապրուած են դէպ­քե­րը։ Լրա­տուու­թիւն­նե­րուն մէջ միայն Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րարու­թեան կող­մէ հրա­պար­կուած տուեալ­նե­րուն տեղ տրուած է եւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հեր­քում­նե­րուն մա­սին խօսք չկայ։

ԶՕ­ՐԱ­ՎԱՐ­ԺՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Միւս կող­մէ, Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան այս շրջա­նին կը պատ­րաս­տուին ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րու հա­մա­տեղ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել։ «Թիւ­րազ քար­թա­լը-2015» կոչուած այս ռազ­մա­փոր­ձե­րուն մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով Պա­քու մեկ­նած է Թուր­քիա­յէն ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րու ճար­տա­րա­գի­տա­կան ու թեք­նիկ անձ­նա­կազ­մի պա­տուի­րա­կու­թիւն մը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Թուր­քիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րու հա­մա­տեղ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցին աւե­լի քան ե­րե­սուն ռազ­մաօ­դա­յին մի­ջոց­ներ, նե­րա­ռեալ կոր­ծա­նիչ­ներ, յար­ձակ­ման օ­դանա­ւեր, ռմբա­կո­ծիչ­ներ, ռազ­մա­փո­խադ­րա­կան օ­դա­նա­ւեր, մար­տա­կան ռմբա­կո­ծիչ­ներ եւ ո­րո­նո­ղա­կան եւ փրկա­րար ուղ­ղա­թիռ­ներ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճանի մի­ջեւ ռազ­մա­կան գետ­նի վրայ կը ծաւա­լուի սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը կրթա­կա­նէ սկսեալ մին­չեւ հա­մատեղ ար­տադ­րու­թիւն բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րե­րու հե­տա­մուտ են այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015