ՇԵՄՏԻՆԼԻԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ, ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ԿԱԶԱՄՈՒՂ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻ ՊԱՅԹՈՒՄ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ բռնա­րարք­ներ ի­րա­կա­նաց­նել երկ­րին մէջ։ Ամ­բողջ եր­կի­րը ցա­սու­մով միա­ցած է ՓՔՔ­-ի դէմ եւ բռունց­քի մը նման կը հա­կազ­դէ ա­հա­բեկ­չու­թեան։

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, թէ զի­նեալ ու­ժե­րը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Թէ՛ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն ներս եւ թէ երկ­րի սահ­ման­նե­րու եր­կայն­քին ծանր հա­րուած­ներ կը տրուին ՓՔՔ­-ին, որ կու տայ շատ լուրջ կորուստ­ներ։

Այս ա­նընդ­հատ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնն ալ կը ջա­նայ փո­խա­դար­ձել յար­ձա­կում­նե­րով կամ ծու­ղակ­նե­րով, ո­րոնք միա­հա­մուռ ձե­ւով կը պա­խա­րա­կուին ամ­բողջ երկ­րին կող­մէ։ Ե­րէկ, դժբախ­տա­բար Շեմ­տին­լիէն հա­սած եր­կու նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րը խոր ցա­ւով հա­մա­կե­ցին ամ­բողջ եր­կի­րը։ Այս­պէս, ժա­մը 07.10-ին Հաք­քեա­րիիի Շեմ­տին­լի գա­ւա­ռա­կին մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը հե­ռա­կայ դրու­թեամբ պայ­թե­ցու­ցին ճա­նա­պար­հին վրայ զե­տե­ղուած ռում­բը։ Նա­հա­տա­կուե­ցան Քե­նան Ճէյ­լան եւ Ահ­մէտ Պը­չաք­ճը։ Հինգ զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ դէպ­քին հե­տե­ւան­քով։

ԽՈ­ՂՈ­ՎԱ­ԿԱ­ՇԱ­ՐԻ ՊԱՅ­ԹՈՒՄ

Միւս կող­մէ, Կար­սի Սա­րը­քա­մըշ գա­ւա­ռա­կին մէջ ՓՔՔ­-ի կող­մէ յար­ձա­կում մը կա­տա­րուե­ցաւ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Էրզ­րում նաւ­թա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րին վրայ։ Այս յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­ւոր պայ­թում մը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած բո­ցե­րը հա­սան ան­նա­խըն­թաց բարձ­րու­թեան եւ ա­նոնք տե­սա­դաշ­տի մէջ մտան նոյ­նիսկ Կար­սի եւ Էրզ­րու­մի կարգ մը գա­ւա­ռակ­նե­րէն ներս։ Կար­սի կու­սա­կալ Կիւ­նայ Էօզ­տէ­միր յայտ­նեց, որ անվ­տան­գու­թեան բո­լոր նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րը ձեռք առ­նուած են։ Կա­զի հոս­քը դադ­րե­ցուած է, որ­պէս­զի բո­ցե­րը մա­րին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015