ԱՄՆ-ԷՆ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական նշանակեց Ֆիլիփ Ռիքերը, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան փորձառու դէմքերէն մին է։ Պետական քարտուղար Պլինքըն այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը. «Դեսպան Ֆիլիփ Ռիքերը նշանակած եմ Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։ Դեսպան Ռիքերի նշանակումը կը վերահաստատէ մեր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման համար»։
Մինչ այդ, պետական քարտուղարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ալ ըսուած է, որ Ֆիլիփ Ռիքեր պիտի ըլլայ նաեւ ԱՄՆ-ի պատուիրակութեան գլխաւոր բանակցողը՝ Ժընեւի միջազգային քննարկումներուն, ներկայ ճակատագրական ժամանակաշրջանին։
«ԱՄՆ յանձնառու է օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման շուրջ։ Դեսպան Ռիքեր երկկողմանի համագործակցութիւն կ՚ունենայ համախոհ գործընկերներու հետ. օրինակ՝ Եւրոմիութիւնը, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահի իր դերին միջոցաւ դիւրացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Մինչ այս նշանակումը, դեսպան Ֆիլիփ Ռիքեր եղած է Լոնտոնի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը։ 2019 թուականի մարտէն մինչեւ 2021 թուականի օգոստոսը եղած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատարը։ Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին աշխատած է Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ։ 2008-2011 թուականներուն եղած է Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը։