ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՔՈԼՈՆՆԱՅԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Զրոյցի սկիզբին Արարատ Միրզոյեան պաշտօնակցին ցաւակցութիւն յայտնեց Քորսիքայի մէջ վերջին օրերուն ծագած փոթորիկին հետեւանքով զոհուածներուն համար։ Իր կարգին, Քաթրին Քոլոննան ալ վշտակցութիւն յայտնեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն համար եւ վիրաւորներուն մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան եւ Քաթրին Քոլոննա գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Ֆրանսա առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին առընչութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ գործօն քայլերու ձեռնարկելու համար՝ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ապագայ խորացման եւ յստակ նախագծերու կեանքի կոչման միջոցաւ երկկողմանի օրակարգի հարստացման ուղղութեամբ։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Միրզոյեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատման շուրջ հայկական կողմի մօտեցումները։

Կողմերը ընդգծեցին Ֆրանսայի՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման ուղղութեամբ։

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներու լուծման՝ Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար պահուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձը անհրաժեշտ է, նաեւ բռնի անհետացածներու եւ կորսուածներու ճակատագիրն ալ պէտք է բացայայտուի։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2022