ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԷ ՆԵՐՍ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին յայտարարեց, որ իր երկիրը հանդէս կու գայ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան ու հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման ի նպաստ։
Երէկ, Հայաստանի տանտիրութեամբ, Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներուն ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Միխայիլ Միշուսթին։ Հաւաքի հիւրընկալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ Միշուսթին յայտնեց, որ իր երկիրը ապաշրջափակման ի նպաստ հանդէս կու գայ՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան։ «Համոզուած եմ, թէ նոր ենթակառուցուածքային երթուղիներու ստեղծումը կ՚ապահովէ կայուն տնտեսական համագործակցութիւն, տարածաշրջանի զարգացում եւ կ՚ամրապնդէ շփումները այստեղ ապրող մարդոց միջեւ», ըսաւ ռուս վարչապետը։
Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովին ընթացքին ալ Նիկոլ Փաշինեան շեշտը դրաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն ներս կազի եւ ուժանիւթի ընդհանուր շուկայի մը ստեղծման կարեւորութեան վրայ։ Հայաստանի վարչապետը շեշտեց, որ ապագայ համարկման վերաբերեալ հարցերու մէջ այս կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու դիրքորոշումները քիչ մը կը տարբերին իրարմէ։
Իր կարգին, Միշուսթինն ալ վարչապետներու հաւաքին ընթացքին յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը բաց կը մնայ նոր գործընկերներու համար։ «Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնը պէտք է դառնայ ինքնաբաւ մաքրոտարածաշրջան մը», ըսաւ ան։