ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
Իշխանաց կղզիներու բնակիչները այս շրջանին ունին որոշ մտահոգութիւններ։ Արդարեւ, Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը շուրջ ամիսէ մը ի վեր կղզիներու պարագային շրջանառութեան մէջ դրած է շինարարական ու կառուցապատման նոր ծրագիր մը։ Բնակիչները մտահոգուած են, որ այս նոր ծրագրին հիման վրայ շինարարութեան նոր ալիք մը կրնայ սկսիլ կղզիներէ ներս, ինչ որ անոնց բնական դիմագիծն ու հենքը կրնայ խանգարել։
Այս բոլոր մտահոգութիւններէն առաջնորդուելով՝ Իսթանպուլի Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան տնօրէնութեան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը։ Այս առթիւ ցուցարարները բարձրաձայնեցին իրենց ընդվզումը՝ նախարարութեան նախաձեռնութեան կապակցութեամբ։ Անոնք պարզեցին նաեւ պաստառ մը, որով եւս շեշտեցին իրենց առարկութիւնը։ Այս ամբողջ հակազդեցութեան պատճառը, ըստ էութեան, նոր ծրագրին մէջ կղզիներու ափամերձ հատուածներուն՝ ընդհանուր բնապահպանական երաշխիքներէն զերծ մնալու հաւանականութիւնն է։
Բոլոր անոնք, որոնք մտահոգ են ստեղծուած իրավիճակով, կը յիշեցնեն նաեւ, թէ արդէն աշխատանքներ կը տարուին Իշխանաց կղզիները ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկելու համար եւ այս նոր կարգադրութիւնները կրնան համապատասխան գործընթացին վնաս հասցնել։